Նախ «Աստուծոյ ձեռքով», ապա ֆութպոլի աստուծոյ ձախ ոտքով նշանակուած գնդակը, 40 տարիներ ետք աճուրդի դրուեցաւ եւ ձեռք ձգեց 3,35 միլիոն ամ. տոլար Տալասի մէջ աճուրդի տան «Հերիթէյճ Օքշըն»-ի համացանցին վրայ:
Այս պատմական գնդակին հետ խաղցուած էր 1986-ի Մոնտիալի պատմութեան անմոռանալի խաղերէն մէկը, ուր Տիեկօ Մարատոնա երկու կոլ նշանակած էր Անգլիոյ բերդին մէջ, առաջինը ձեռքով` մրցումէն ետք զայն կոչելով «Աստուծոյ ձեռք»-ը, եւ աւելի ուշ` Մոնտիալի պատմութեան լաւագոյն կոլը: Այդ պատմական կոլին Մարատոնա 55-րդ վայրկեանին գնդակը ստացած էր Արժանթինի դաշտին կէսէն եւ սկսած խաղի բերել 6 մրցակիցներ, 10,6 երկվայրկեանի ընթացքին 11 անգամ գնդակին ուղղութիւնը փոխելէ ետք: Նաեւ Փիթըր Պիրտծլի, Փիթըր Ռիտ, Թերի Պուչըր (2 անգամ), Կերի Ֆենուիք եւ բերդապահ Փիթըր Շիլթըն:
Կախարդական եւ անմոռանալի կոլ մըն էր, եւ նոյն այդ մրցումին գնդակը 40 տարի ետք «ծախուեցաւ» 3,35 միլիոն ամ. տոլարի:
Սկիզբը կը սպասուէր, որ 10 միլիոնի հասնի անոր գինը, բայց 2,5 միլիոն ամ. տոլարէն սկսելէ ետք անոր գինը մնաց 3,35 միլիոնի թիւը առաջարկողին:
Պէտք է ըսել, որ գնդակը տարիներով մնացած էր օրուան թունուզցի իրաւարար Ալի Պին Նասերի մօտ, որ եղած էր Ազթեքա դաշտին վրայ (Մեքսիքա) կատարուած մրցումին իրաւարարը 22 յունիս 1986-ին:
Ան հաստատած էր, որ միայն 1 գնդակ օգտագործուած էր այդ մրցումին: Ատիտաս Ազթեքա գնդակը 2022-ին Լոնտոնի մէջ աճուրդի հանուած էր 2-3 միլիոն եւրոյի:
Պէտք է նշել, որ Տիեկօ Մարատոնայի այդ օրուան շապիկը 9,3 միլիոն ամ. տոլարի ծախուած էր: