Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիշթինայի մէջ տեղի ունեցող պատանիներու (մինչեւ 15 տարեկան) եւ երէցներու (մինչեւ 17 տարեկան) Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի պատանի ծանրաբարձ Տիգրան Աւետիսեան ոսկի մետալ շահեցաւ մինչեւ 75 քկ կշիռի կարգին մէջ:
Աւետիսեան 268 քկ երկամարտի արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Մինչեւ 85 քկ կշիռի մրցումներուն Աւետիսեան արաշէի մրցումներուն 141 քկ բարձրացնելէ ետք փոքր ոսկի մետալ շահեցաւ, բայց էփոլէ ժըթէի մրցումներուն ան 168 քիլոկրամէն աւելի չկրցաւ բարձրացնել` գրաւելով երրորդ դիրքը երկամարտի արդիւնքով, եւ շահեցաւ այս կշիռի պրոնզէ մետալը:
70 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայկ Մովսիսեան արծաթէ մետալ շահած էր երկամարտի 252 քկ արդիւնք ձեռք ձգելով:
Ասատուր Խաչատրեան 70 քկ կշիռի (17 տարեկանէն վար) մրցումներուն կրցաւ նուաճել պրոնզէ մետալ` երկամարտի 269 քկ կշիռով: