Ուրբաթ, 14 օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ գիւղի զաւակներէն Անժելինա Աշգարեանին անգլերէն լեզուով հրատարակած առաջին գիրքին «December»-ի գինեձօնը:
Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի վարչութեան անդամ Թերեզ Սարգիսեան, որ ընթերցասէր ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց հաւաքի նպատակին վրայ` ամփոփ կէտերով ներկայացնելով պարմանուհիին կենսագրական հիմնական գիծերը: Ան անդրադարձաւ անհրաժեշտութիւնը մարդու կեանքին մէջ:
Հայերէն ու արաբերէն լեզուներով խօսք առաւ Անժելինա Աշգարեանին մայրը` Մէյ Աշգարեան, որ յուզումնախառն կերպով արտայայտուեցաւ իր աղջկան հեղինակած գիրքի ծննդոցին մասին` ներկաները հրաւիրելով պահ մը անջատուելու առօրեայէն ու ծանօթանալու գեղարուեստական ճաշակով ներկայացուած երիտասարդուհիի մը նրբակերտ աշխարհին:
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին օրհնութեամբ կատարուեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ ետք խօսք առաւ հեղինակը` Անժելինա Աշգարեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր ընտանիքին, հարազատներուն, վարժարանին ու գիւղին, որոնք հանդիսացած են իր ներշնչանքի աղբիւրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են գիրքի հրատարակութեան մէջ:
Նորափթիթ հեղինակին ուսուցչուհիներէն Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան իր կարգին խօսք առնելով ներկաներուն փոխանցեց գիրքի գործօն դերակատարութիւնը մարդու մտային զարգացման մէջ, ապա առանձնայատուկ կերպով նկարագրեց Անժելինային ունեցած ջանասիրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը գրականութեան նկատմամբ: Սալբի Թաշճեան շնորհաւորեց Անժելինա Աշգարեանը` իր «December» գիրքին համար եւ զայն նկատեց առաջին քայլ դէպի գրական աշխարհ: Յաջողութեան զուգահեռ Ս. Քիւրքճեան-Թաշճեան մաղթեց, որ իր աշակերտուհիին գործը թարգմանուի նախ հայերէնի, ապա այլ լեզուներու:
Աւարտին հեղինակին մակագրութեամբ կատարուեցաւ գիրքի վաճառք: