Շէյխ Քապալան. «Իշխանութիւնը Պեքայի, Հարաւային Արուարձաններու Եւ Հարաւի Բնակիչները Կը Պատժէ»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Պէտք չէ պետութենէն, իշխանութենէն կամ անոնց ծառայութիւններէն սպասենք, որ մեր ճգնաժամերը լուծեն, որովհետեւ այս երկրի իշխանութիւնը զբաղած է երկիրը քաղաքական ու անվտանգութեան առումով Ուաշինկթընի, Թել Աւիւի եւ աւելի շատ վճարողին յանձնելով, մինչդեռ մենք կը հաստատենք, որ մեզի համար ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան պետութեան ու երկրի արդար ազգային նախագիծի շրջագիծի մէջ վերածնունդը` հեռու մնալով սահմանադրական համակարգը եւ Ազգային ուխտը քանդելու խաղէն:

«Պեքայի մէջ պետութիւն չկայ, ո՛չ ալ Հարաւի եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ, որովհետեւ իշխանութեան նոր հայեցակարգը հիմնուած է Պեքայի, Հարաւային արուարձաններու եւ Հարաւի ժողովուրդը պատժելու վրայ: Նմանապէս, պետութիւնը արժէք չունի առանց հարաւային սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակի, ազգային գերիշխանութիւն չկայ առանց սիոնական բանակին դիմակայելու ազգային որոշման, եւ Լիբանանի համար գոյատեւում չկայ առանց բանակի, Դիմադրութեան եւ ազգային միասնութեան», ըսաւ ան:

«Այն, ինչ որ շիի ազգային եւ դիմադրող երկեակը Լիբանանին կ՛առաջարկէ, համարժէք է անոր գոյութեան բուն էութեան: Անհրաժեշտ է գերիշխան երկիր եւ ազգային որոշում, եւ ասիկա այն բանն է, որ ներկայիս գործադիր իշխանութիւնը չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ անիկա «շրջագծային համաձայնագիր»-ին միջոցով հրաժարած է իր գերիշխան, անվտանգութեան եւ դատական իրաւունքներէն` յօգուտ Թել Աւիւի», նշեց շէյխ Քապալան:

 

Leave a Comment