Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Յստակ է, թէ ամերիկացիները լիբանանեան իշխանութեան վրայ ճնշում կը բանեցնեն Հըզպալլան եւ անոր հաստատութիւնները խեղդելը խստացնելու եւ հասնելու անոր հետ բախումի: Անոնք ներքին կայունութեամբ չեն հետաքրքրուած, եւ երկիրը քաղաքացիական պատերազմի նման ներքին հակամարտութիւններու եւ բախումներու մղելը անոնց ոչինչ կը նշանակէ»:
«Մենք Հըզպալլայի մէջ այս ջանքերուն լաւապէս կը գիտակցինք, անոնց ենթահողն ու հեռանկարները կը հասկնանք, եւ ամերիկացիին ու իսրայէլացիին ներքին բախումի առիթ պիտի չտանք, ինչ որ ալ ըլլայ անոր արդարացումը», նշեց երեսփոխանը:
«Իշխանութեան ընտրանքն ու անոր բանակցային ուղին պատի բախեցան եւ մտան փակուղի, բոլոր զիջումները ապարդիւն անցան, եւ լիբանանցիները ոչինչ շահեցան, այլ վճարեցին մեծածախս կորուստներով», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Տեղքայլն ու սպասելը լուծում չեն»:
«Իշխանութեան ձեռքը քանի մը բան կայ, ղեկը անոր ձեռքն է եւ պէտք է զանոնք կատարէ` ի պատասխան իսրայէլացիին կողմէ որեւէ բան չյարգելուն եւ յարձակումը շարունակելուն, սկսած բանակցութիւններու կասեցումէն եւ շրջագծային համաձայնագիրի անարժէքութեան մասին յայտարարելէն, Իրանի դեսպանի եւ իրանեան օդանաւի հարցի քննարկումէն եւ Դիմադրութեան դէմ իր գայթակղալից որոշումներէն ետդարձ կատարելէն` նպատակ ունենալով հիմք ստեղծել միաւորելու համար լիբանանեան դիրքորոշումը, որ պէտք է ըլլայ առարկայական եւ իրատեսական, եւ աշխատիլ իշխանութեան ներքին քաղաքականութեան մէջ հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ` ներքին քաղաքական մթնոլորտը հանդարտեցնելու եւ յարձակումին դիմակայելու վրայ կեդրոնանալու նպատակով», յայտնեց Ֆայիատ: