Ըստ Հըզպալլայի Մօտիկ Աղբիւրներու. Ամերիկացիներու Հետ Երկխօսութեան Կարելիութիւնը Կարելի Է Քննարկել

Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Ամերիկացիներուն հետ երկխօսութեան կարելիութիւնը կարելի է քննարկել, առանց որ ատիկա անոր համաձայնելու որոշում ենթադրէ»:

«Կուսակցութիւնը Իսլամապատի համաձայնութենէն ի վեր լարուածութեան մեղմացման փուլի մէջ է, եւ Իսրայէլ կը փորձէ այդ մեղմացումը Ալի Թահեր բլուրին ճամբով չքացնել` զայն ընտրութիւններուն մէջ օգտագործելու համար», նշած են անոնք:

«Լիբանանեան բանակը Ալի Թահեր մտցնելու համար ճնշումը վտանգներ կը պարունակէ եւ կրնայ ճամբայ հարթել ապագային Իսրայէլի կողմէ այդտեղ մուտք գործելու պահանջին` ստուգելու համար Հըզպալլայի անդամներու բացակայութիւնը», յայտնած են աղբիւրները:

Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրները «Ժատիտ»-ին նշած են. «Ալի Թահերի բարձունքներուն վերաբերեալ յստակ առաջարկ մը գոյութիւն չունի, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կ՛երաշխաւորէ իսրայէլեան հեռացման դիմաց Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհումը, իսկ գետին հիւսիսը ենթակայ է ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան»:

 

 

Leave a Comment