Քումաթի. «Իշխանութիւնը Հարաւային Լիբանանը Ծախեց»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Մարդոց մօտ զարմանք կայ, որովհետեւ Հըզպալլայի պաշտօնատարները 2 մարտին Դիմադրութեան վերադառնալէ ետք կ՛ըսէին, թէ 2 մարտէն առաջուան պիտի չվերադառնանք: Տարբերութիւնն այն է, որ 2 մարտէն առաջ Իսրայէլի կողմէ ամբողջ Լիբանանի համապարփակ ներխուժում կար: Ինչ կը վերաբերի Իսլամապատի ուղիին, անիկա հաստատեց զինադադար, ինչին մենք հաւատարիմ ենք»:

«Այսօր քաղաքական իշխանութեան գործած մեծագոյն ոճիրը այն է, որ թշնամիին արտօնեց հարաւային Լիբանանի վրայ հարուածները պահպանել եւ հարուածել Դիմադրութիւնն ու անոր ժողովուրդը, եւ հողերու վերատիրացումն ու ազատագրումը կապեց Դիմադրութեան զէնքի յանձնումին, իսկ ատիկա անկարելի է: Այսինքն` ան հարաւային Լիբանանը ծախեց», ըսաւ ան:

«Այսօր մեր ընտրած ուղին դատարկութենէ կամ տկարութենէ չէ ծնած: Դիմադրութիւնը տակաւին ուժեղ է եւ կարող, եւ որոշած է համբերատար ըլլալ` հասնելու համար արդիւնքներուն Իսլամապատի ուղիին, որ կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի լիակատար ազատագրման եւ լիակատար գերիշխանութեան», բացատրեց Հըզպալլայի պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Իսլամապատի ուղին յետաձգողը լիբանանեան այն իշխանութիւնն էր, որ շտապեց Ուաշինկթըն` Ամերիկային եւ Իսրայէլին Լիբանանէն դուրս չգալու համար պատսպարան տրամադրելու համար»:

«Դիմադրութիւնը կ՛ուսումնասիրէ Իսրայէլի յարձակումին համապատասխան ու յարմար համեմատութեամբ դիմակայելու եղանակներ, որոնք պիտի ապահովեն Դիմադրութեան դերի գոյութիւնն ու շարունակականութիւնը, եւ որպէսզի թշնամին չզգայ, թէ կրնայ իր ուզածը ընել, առանց պատասխանի», ըսաւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամը:

«Իշխանութիւնը կը փորձէ բոլոր մակարդակներուն վրայ խեղդել Դիմադրութեան համակիր զանգուածը, մասնաւորաբար կանխարգիլելով տեղահանուածներուն համար ապաստան ապահովելու եւ վերակառուցման համար օգնութեան մուտքը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իշխանութեան չարաշահումներուն դէմ փողոցային գործողութիւններու տարբերակը չեղեալ չէ նկատուած եւ տակաւին ուժի մէջ է, եւ ատոր պիտի դիմենք համապատասխան ժամանակին»:

«Ալի Թահերի բարձունքներուն մէջ մեր ընտրանքը անսասանութեան, դիմակայութեան եւ դիմադրութեան միջոցով թշնամիին իր նպատակներուն հասնիլը չարտօնելն է», նշեց Քումաթի` հերքելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին առնչուած ոեւէ զինեալի հարաւային Լիբանանի եւ արեւմտեան Պեքայի մէջ ներկայութիւնը:

Leave a Comment