Մեզմէ շատ-շատեր այս տարի հպարտութեամբ, հոգիի բերկրանքով եւ արտակարգ ուրախութեամբ այս ամառ հետեւեցան մեր նոր սերունդի սկաուտներուն, երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, պատանի-պարմանուհիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին մասնակցութեան, այդ բանակումին ընթացքին «Կինես»-ի նոր մրցանիշի մը արձանագրութեան, հարիւրաւոր սկաուտներու Արագած լեռ բարձրանալուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու խումբի մը մեր նախահայրերու հետքերով Արեւմտահայաստանի մէջ նախաձեռնած «էրգիր»-ագնացութեան, որուն առթած զգացողութիւնները վստահաբար ընդմիշտ դրոշմուած պիտի մնան այդ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մտքերուն ու սրտերուն մէջ: Արդէն ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ տեղադրուած պատկերները հարազատ վկայութիւններն են վերը մեր ըսածներուն: Ով որ մասնակցեցաւ այս նախաձեռնութիւններէն որեւէ մէկուն, վստահաբար տարբեր զգացողութեամբ է, որ վերադարձաւ տուն: Վստահաբար ան տուն վերադարձաւ աւելի հայրենասէր դարձած, աւելի ազգասէր դարձած, հոգեփոխուած ու հայրենատէր դարձած, պատմական հայրենիքի կանչը իրենց էութեան մէջ զգացած:
Սակայն անձնապէս մեզի համար աւելի քան առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունէր ՀՄԸՄ-ի խումբ մը սկաուտներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, ուսանողներու եւ աշակերտներու բարձրանալը մեր պատմական Արարատ լեռը` հակառակ լեռը բարձրանալուն հետ կապուած բազում դժուարութիւններուն: Արարատ լեռ բարձրանալու լուսանկարները, որոնք զետեղուած էին ընկերային ցանցերու վրայ, ուղղակի յուզմունք պատճառեցին մեզի: Այդտեղ, այդ նկարներուն մէջ, մենք նշմարեցինք դասընկերոջ մը զաւակը, ուրիշ դասընկերոջ մըն ալ դուստրը` հայկական Եռագոյն դրօշը կամ հեռու-հեռաւոր ամերիկահայ ազգային վարժարանի մը դրօշը բարձրացուցած Արարատի գագաթին: Ուրեմն, մտածեցինք, մեր դասընկերներուն ջամբած ազգային դաստիարակութիւնն էր, որ իրենց զաւակները հասցուցած էր Մասիսի բարձր գագաթին: Արարատ լեռ բարձրանալը երբեք, երբեք եւ երբեք դիւրին առաքելութիւն մը չէ: Կամք կը պահանջէ, յատուկ պատրաստուածութիւն կը պահանջէ, հաւատք կը պահանջէ…
Արարատ լեռը, Մասիս սարը մեր` հայոց խորհրդանիշն է` աստուածաշնչական, հնադարեան եւ ազգային հասկացողութիւններով շաղախուած: Եւ Հայոց պատմութեան մէջ Արարատը միայն մէկ լերան անուանումը չէ, այլեւ այդ անուանումը տարածուած է ամբողջ աշխարհագրական տարածքի մը, երկրամասի մը վրայ, որուն կեդրոնը հանդիսացած է Մասիս սարը: Հոսկէ զարմանալի պէտք չէ թուի Աստուածաշունչ մատեանի Հին կտակարանին մէջ բազմիցս նշուած Արարատի երկիրը, ասոր զուգահեռ Միջագետքի հին սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ կան այս անուանումին այլ տարբերակները` Ուրուատրի, Ուրաշտու, Ուրարտու, կամ` Արարատի թագաւորութիւն: Այդ երկրամասը, ուր ծնած են աստուածները` ըստ շումերական սեպագիր արձանագրութիւններու: Արարատը այն լեռն է, որուն շուրջ, ըստ աստուածաշնչական որոշ մեկնաբաններու, տեղի ունեցաւ արարչագործական աշխատանքի ամբողջացումը եւ Եդեմի պարտէզին հաստատումը: Ըստ դարձեալ որոշ մեկնաբաններու, Արարատը կամ Մասիսը այն լեռն է, ուր վերջնական հանգիստը գտաւ Նոյեան տապանը, եւ մարդկութիւնը հոնկէ նոր վերածնունդ ապրեցաւ` աշխարհաքանդ ջրհեղեղէն ետք: Արարատեան աշխարհը, որ ըստ հայոց աւանդական պատմութեան, Նոյ նահապետի եւ անոր Յաբէթ զաւկին շառաւիղներէն Հայկ նահապետին ու իր ժառանգորդներուն կողմէ որդեգրուեցաւ իբրեւ հայրենիք, իբրեւ ազատութեան ու անկախութեան խորհրդանիշ, եւ անկէ ետք ստացաւ Հայք անուանումը մեր նահապետին անունով:
Այսօր ոմանք, պարպուած հոգեւոր եւ ազգային արժէքներէ, Արարատին կը մօտենան իբրեւ սոսկական բարձր լեռ` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին: Բայց մենք եւ ուրիշ շատ մարդիկ Արարատ լերան կը նային ազգային եւ կրօնական արժէքներու պրիսմակով: Այն արժէքները, որոնք հազարամեակներու ընդմէջէն, նախաքրիստոնէական եւ քրիստոնէական ժամանակաշրջաններուն, կազմաւորեցին հայկական ինքնութիւնը: Արարատը դարձաւ հայկականութենէն անբաժան խորհրդանիշ: Ինչպէս հազարամեակներ շարունակ, աստուածաշնչական այս լեռը կայ ու կը մնայ սիրտը Հայոց աշխարհին:
Քիչ բան չէ, երբեք քիչ բան չէ Արարատ լեռը բարձրանալը: Ֆիզիքական պատրաստութենէն զատ անիկա կը պահանջէ բարձր, շատ բարձր գիտակցութիւն Արարատի պարփակած արարչագործական ճշմարտութիւններուն նկատմամբ: Արարատով հայութիւնը աշխարհի տարածքին դարձաւ քաղաքակրթական առաքելութիւն ունեցող ազգ: Եւ առաքելութեան այս զգացողութիւնը ոեւէ մարդ, ոեւէ իշխանութիւն, ոեւէ բռնագրաւում պիտի չկարողանայ խլել մեզմէ: Մենք ընկերային ցանցի վրայ մեր դասընկերներէն մէկուն տեղադրած` Արարատ լեռ բարձրանալու իր զաւկի լուսանկարին տակ գրած էինք հետեւեալ մեկնաբանութիւնը, որ դասընկերոջս զաւկին եւ լեռը բարձրացող բոլորին կը վերաբերի անխտիր. «Հպարտութիւն է: Իրենք մինչեւ վերջ պիտի յիշեն այս օրը, եւ ես վստահ եմ, որ աստուածաշնչական լեռը աստուածային բան մը փոխանցած պէտք է ըլլայ տղուդ եւ բոլոր անոնց, որոնք հոն բարձրացան»:
Դիւրին բան չէ, երբեք դիւրին բան չէ Արարատ լեռ բարձրանալը: Եւ ան, որ Արարատ լեռ կը բարձրանայ, մանաւանդ երիտասարդ կամ դեռատի հասակին, այլեւս անոր համար դժուար, անկարելի բան մը չի մնար աշխարհի վրայ: Կեցցէ՛ք դուք, մեր ազգի հպարտութիւն մատղաշ սերունդի տղաք եւ աղջիկներ:




