«Firebird» Ընկերութեան Արհեստական Բանականութեան Գլխաւոր Գործատան Առաջին Բաժինի Բացում Հրազդանի Մէջ

Օգոստոս 8-ին Հրազդանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ «Firebird» ընկերութեան արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գլխաւոր գործատան առաջին բաժինը, որ մեծագոյնն է ԱՊՀ-ի տարածաշրջանին մէջ: Նորաբաց այս բաժնին արժէքը կը գերազանցէ 500 միլիոն տոլարը, իսկ ծրագիրի ամբողջական իրագործումով ընդհանուր ներդրումը պիտի հասնի շուրջ 5 միլիառ տոլարի: Ասիկա հսկայական նախագիծի մը առանցքն է, որ արդէն իսկ կը տարածուի դէպի Ղազախստան եւ անկէ ալ անդին: Պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով` Հայաստան այլեւս կարելիութիւնը ունի իր հողին վրայ արհեստական բանականութիւն զարգացնելու եւ կիրարկելու:

Գործատունը իր աշխատանքը կը սկսի 6144 «NVIDIA» միքրո-մշակիչներով (GPU), իսկ մինչեւ 2027-ի աւարտը այդ թիւը պիտի գերազանցէ 70.000-ը (ներառեալ` NVIDIA Blackwell եւ Vera Rubin նորագոյն տեսակները)` հասնելով 300 մեկաուաթ հաշուողական հզօրութեան: Հայ երկու համահիմնադիրներու` Ռազմիկ Յովակիմեանի ու Ալեքսանտր Եսայեանի կողմէ ղեկավարուող այս հաստատութիւնը առաջինն է այն լայնածաւալ ծրագիրին մէջ, որ կը նպատակադրէ Հայաստանի, Ղազախստանի եւ այլ շուկաներու տարածքին ստեղծել շուրջ 2 ճեկաուաթ արհեստական բանականութեան կարողականութիւն:

Շինարարութեան սկիզբէն մինչեւ գործարկման պատրաստ վիճակ` ընդամէնը հարկ եղած է վեց ամիս. ասիկա աշխարհի մէջ արհեստական բանականութեան ենթակառոյցներու ամէնէն արագ կառուցման օրինակներէն է: Նորաբաց կեդրոնը հայաստանեան ծրագրաւորողներուն, նորաստեղծ ընկերութիւններուն (startups), համալսարաններուն եւ պետական հաստատութիւններուն կը տրամադրէ հաշուողական այնպիսի հզօրութիւն մը, որուն շնորհիւ անոնք արհեստական բանականութիւնը կրնան զարգացնել տեղւոյն վրայ` փոխանակ զայն արտասահմանէն վարձելու:

Հրազդանի մերձակայքը շուրջ 200.000 քառակուսի մեթրի վրայ տարածուող գործատունը կ՛աշխատի «NVIDIA»-ի արագացուած հաշուողական համակարգերով եւ «Dell Technologies»-ի գերհզօր սպասարկիչներով: Անիկա հիմնուած է «NVIDIA DSX» հարթակին վրայ եւ միացուած է «NVIDIA Spectrum-X Ethernet» ցանցով` մէկ միասնական համակարգի տակ ամբողջացնելով հաշուողական, ցանցային, ուժաբանական եւ զովացման ենթակառոյցները: Այս արհեստագիտութիւնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ նոյն տարածքին վրայ տեղադրելու մինչեւ 40 առ հարիւր աւելի միքրօ-մշակիչներ: Գործատան զովացման համակարգը կը գործէ փակ շրջափուլի ճարտարագիտութեամբ. ասիկա կը նշանակէ, որ աշխատանքի ընթացքին ջուրի սպառում տեղի չ՛ունենար, եւ ոչ ալ ջուր կը թափի շրջակայ միջավայր:

«Firebird»-ի տնօրէնութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանէն եւ Ղազախստանէն անդին` ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան այլ շուկաներու շուրջ եւս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի հետեւի Հրազդանի մէջ կառուցուած ամերիկեան չափանիշներու այս նոյն ձեւաչափին:

Leave a Comment