«Էրտողանի Իսրայէլի Ղեկավարներն Ու Զինուորները Վախցնելու Ողորմելի Փորձը Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց. «Էրտողան կը ջանայ Սուրիայէն Իսրայէլի վրայ իր յարձակումը ընդլայնել, եւ Իսրայէլ այդ մէկը պիտի չարտօնէ: Էրտողանի Իսրայէլի ղեկավարներն ու զինուորները վախցնելու ողորմելի փորձը որեւէ արդիւնք պիտի չտայ»:

«Իսրայէլ պիտի շարունակէ ուժեղ կերպով գործել շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայելու Թուրքիոյ փորձերուն եւ իր անվտանգութեան նկատմամբ որեւէ սպառնալիքի դէմ», նշեց գրասենեակը:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը յայտնած էր. «Ներքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղեցինք` Նեթանիահուի դէմ կարմիր ծանուցում հրապարակելու` զինք ցեղասպանութեան մեղադրանքով միջազգային հետապնդման ենթարկելու համար»:

Leave a Comment