Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ շղթայազերծած է «տնտեսական ամէնէն հզօր եւ զգետնիչ գործողութիւնը», որ պիտի ըլլայ «աննախադէպ մակարդակի տնտեսական պատերազմ մը եւ մեկուսացում մը»:
Ան այս քայլը նմանցուց «տնտեսական ցամաքահանման օր»-ի` ակնարկելով Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Նորմանտիի ցամաքահանման:
Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց` անոնց կողքին կանգնելու, մեկուսացնելու համար «իրանեան սպառնալիքն ու զայն պարտութեան մատնելու»:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է դադրեցնել իրանեան քարիւղի մաքսանենգումը, փոխանակման դասաւորումները, դրամական փոխանցումները, դրամատնային գործընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ նաւերու եւ կեղծ ընկերութիւններու արձանագրումը:
Սպիտակ տան ղեկավարը զգուշացուց, թէ որեւէ պետութիւն, որ իր ելեւմտական հաստատութիւններուն, ընկերութիւններուն կամ օդակայաններուն կ՛արտօնէ Իրանին «կեանքի շունչ» տրամադրել, «տնտեսական ծանր հետեւանքներ» պիտի կրէ:
Ան ըսաւ, որ իրանցիները ձախողեցան առիթը օգտագործել, եւ Իրան այլեւս «բարակ թելէ կախուած է»` աւելցնելով, որ ոչ ոք Իրանին համաձայնութիւն գոյացնելու համար իր տրամադրածէն աւելի մեծ առիթ տրամադրեց:
Թրամփ պնդեց, թէ իրանեան ծովուժը «չքացաւ», անոր օդուժը քանդուեցաւ, եւ զինուորական գործարանները աւերակի վերածուեցան, մինչ իրանեան դրամանիշը իր արժէքը կորսնցուց:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ նոր քայլերը «Իրանի շարժումը պիտի անդամալուծեն, եւ վերջ տան աշխարհի տարածքին ահաբեկչութիւնը տարածելու անոր կարողութեան»: