Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու մէջ» ներքաշելու յանցանքով:
«Իսրայէլ որեւէ կողմի պիտի չարտօնէ իր անվտանգութեան սպառնալ», ընդգծեց ան:
«Էրտողանի համար աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ բաւարարուէր թրքական խորհրդարանին մէջ Իսրայէլի դէմ իր դատարկ ու երեւակայածին ճառերը արտասանելով, փոխանակ դէպի ուղղակի ճակատում մղում տալու», նշեց Քաց:
Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը նշեց. «Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան յարձակումը մէկ այլ մարտավարական դէպք չէ, այլ` էրտողանին ուղղուած պատգամ մը»:
Շիպանի. «Յարձակումէն Առաջ Եւ Ետք Թրամփի Հետ Կապ Հաստատեցինք»
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ Սուրիան Ապու Զուհուր օդուժի ռազմակայանին վրայ իսրայէլեան յարձակումէն առաջ եւ ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կապ հաստատած է` Սուրիոյ դիրքորոշումը փոխանցելու, մագլցումը արգիլելու եւ յարձակումի կրկնութիւնը արգիլելու աշխատանք տանելու համար:
Շիպանի կայքին ըսաւ, թէ Սուրիան նաեւ յարձակումէն առաջ կապ հաստատած է Իսրայէլի հետ եւ յայտնած, որ Ապու Զուհուրի մէջ թրքական տեւական ներկայութեան ծրագիրներ գոյութիւն չունին:
Ըստ անոր, օդուժի ռազմակայանը թիրախաւորելու որեւէ արդարացում չկար:
Սուրիական դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ Սուրիան Միացեալ Նահանգներուն յստակօրէն յայտնած է, որ Սուրիոյ նկատմամբ Իսրայէլի մտադրութիւններուն առնչութեամբ վստահութիւն չունի, եւ իր կարծիքով` իսրայէլեան քաղաքականութիւնը երկրի կամ շրջանի կայունութեան չի նպաստեր:
Ան նշեց, որ սուրիական կառավարութիւնը յարձակումէն ետք կապ հաստատած է ամերիկեան վարչակազմին եւ այլ պետութիւններու հետ` բողոքելու եւ յարձակումին կրկնութիւնը արգիլելու աշխատանք տանելու համար:
Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, Շիպանի ընդգծեց, որ սուրիական կառավարութիւնը տակաւին հետաքրքրուած է սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու, սակայն ունի այն կարծիքը, թէ այդ հոլովոյթը միայն մէկ կողմի պատասխանատուութիւնը չէ` Իսրայէլին կոչ ուղղելով վերատեսութեան ենթարկելու Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը:
Շիպանի շեշտեց, որ իր երկիրը Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու դուռը չէ փակած` նշելով, որ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ ապահովական համաձայնութեան մը շուրջ բանակցութիւնները նահանջ արձանագրելէ առաջ մեծ յառաջընթաց արձանագրած էին:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց այն կարծիքը, թէ կարելի է բանակցութիւններուն սկսիլ եւ երկու կողմերուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող փոխըմբռնումներու հասնիլ:
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Յայտարարութիւնը
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական օդուժի ռազմակայանին մէջ իսրայէլեան յարձակումէն առաջ եւ ընթացքին թրքական զինուորական ներկայութիւն չկար` շեշտելով, որ կը մերժէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ոտնահարող յարձակումները:
Նախարարութիւնը Իսրայէլին կոչ ուղղեց` դադրեցնելու «անպատասխանատու յարձակումները» եւ յարգելու միջազգային օրէնքը` Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման իրագործման համար:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու, նաեւ կայուն ու ապահով կառոյց ստեղծելու իր ջանքերն ու մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ Դամասկոսի` իր կարողութիւններն ու զինուորական ենթակառոյցը զարգացնելու ջանքերուն:
Թուրքիոյ Նախագահական Պալատի Արձագանգը
Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան գրասենեակի պետ Պուրհանէտտին Տուրան յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հասցէին ուղղած սպառնալիքներն ու սուտերը, անոր միջազգային մեկուսացումը եւ քաղաքական մտավախութիւններն ու պատրանքները կ՛արտացոլեն»:
Ան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Թուրքիան պիտի շարունակէ կանգնիլ կողքին այն պետութիւններուն, որոնք շրջանին մէջ խաղաղութեան, ցեղասպանութիւն գործող Նեթանիահուի կայունութիւնը քայքայող գործունէութեան դէմ պայքարի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն կը վարեն, նախ եւ առաջ Սուրիոյ»:
«Պատմութիւնը յստակ ցոյց կու տայ, թէ չկայ բան մը, որ մեր ժողովուրդին, մեր պետութեան գոյատեւման եւ մեր ազգի բարօրութեան համար չենք կրնար ընել», նշեց Տուրան:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը բաւարար փորձառութիւնը ունի Նեթանիահուի նման խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ականահարող անձերու խաղերէն չտարուելու, «որովհետեւ Թուրքիան իր խաղաղութեան հաստատման ձգտող գործելաոճին համար աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ գնահատանք վայելող պետութիւն է»:
«Թուրքիոյ խաղաղ արտաքին քաղաքականութիւնը ձախողութեան պիտի մատնէ Նեթանիահուի նման վարկաբեկուածները, որոնք չեն տատամսիր իրենց քաղաքական ապագան երաշխաւորելու համար ամբողջ շրջանը հրկիզելու», շեշտեց Տուրան: