Թենիս. Վինըս Ուիլիամզ Հրաւէր Ստացաւ Մասնակցելու «Եու. Էս. Օփըն»-ին

Նիւ Եորքի մէջ 30 օգոստոսին պիտի սկսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի բաց մրցաշարքը, որ կը նկատուի տարուան 4-րդ եւ վերջին կրան շլեմի մրցաշարքը:

«Ֆլաշինկ Մետոզ»-ի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի նախօրեակին, մրցաշարքի կազմակերպիչ մարմինը «Ուալտ քարտ» (հրաւէր) բաժնեց 46 տարեկան Վինըս Ուիլիամզին, որ 2 անգամ շահած է «Եու. Էս. Օփընը, Սլոն Սթեֆընզին (33 տարեկան)` 2017-ի ախոյեան, ինչպէս նաեւ Քարոլ Եանկ Սու Լիին, Ռիս Պրենթմայըրին, Թէա Ֆրոտընին, Լէոլիա Ճինճինին եւ Թայլա Փրեսթընին: Տակաւին հրաւէր մը եւս կայ, որ շատ հաւանաբար տրուի Վինըսի քրոջ` Սերենային (44 տարեկան), եթէ անշուշտ վերջինս որոշէ մասնակցիլ:

Անցեալ տարի Վինըս նոյնպէս հրաւէր ստացած էր` վերադառնալով կրան շլեմի այս մրցաշարքին, դառնալով ամէնէն երէց մասնակիցը անհատական մրցումներուն` 1981-էն ի վեր: Այդ տարին Ռընէ Ռիչըրտծ 47 տարեկանին մասնակցած էր այսպիսի մրցաշարքի մրցանիշ հաստատելով:

2022-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր քրոջ` Սերենայի հետ ան անցեալ շաբաթ ելոյթ ունեցած էր Սինսինաթթիի մրցաշարքին, ուր անոնք թայ պրէյքով պարտութիւն կրեցին Մարթա Քոսթիուք եւ Փէյթըն Սթըրնզ զոյգէն:

Ուիլիամս քոյրերը որոշած էին Ուիմպըլտընի մրցաշարքին ալ մասնակցիլ, բայց Սերենա իր անհատական մրցումներուն ընթացքին ծունկը վիրաւորած էր եւ ստիպուած էր քաշուիլ:

 

Leave a Comment