Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքի ԻԱ. տարուան (2024-2026) հատորը լոյս տեսաւ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն: Սոյն տարեգիրքը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ կը համընկնի մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ յատուկ խորհուրդ կրող երկու կարեւոր յոբելեաններու: Արդարեւ, մենք կը նշենք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը եւ դպրեվանքի հիմնադրութեան 95-ամեակը: Երկու յոբելեաններ, որոնք պարզ թուականներ չեն, այլ կը մարմնաւորեն ընթացք, ծառայութիւն եւ ժառանգութիւն:
«Գլաձոր»-ը դպրեվանքի կեանքին եւ առաքելութեան հայելին է: Անոր էջերուն մէջ կ՛արտացոլան` դպրեվանեցիներուն հոգեւոր եւ մտաւոր ընթացքը, անոնց փորձառութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, յուշերը եւ ստեղծագործական աշխատանքները: Այս տարեգիրքը տարիներու ընթացքին դարձած է յիշողութեան պահոց մը եւ միաժամանակ վկայութիւն մը` դպրեվանքի շարունակական ներկայութեան ու ծառայութեան:
«Գլաձոր»-ը կամուրջ մըն է դպրեվանքին եւ մեր ժողովուրդին միջեւ: Անիկա կը փոխանցէ դպրեվանքին շունչը` շրջանաւարտներուն, բարերարներուն, եկեղեցասէր հաւատացեալներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այս սրբավայրին առաքելութեան:
Դպրեվանքի համատեղ ջանքին պատկերը մարմնաւորուեցաւ ներկայ տարեգիրքին մէջ` շնորհիւ խմբագիր հայր սուրբին` դպրեվանքի փոխտեսուչ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեանի անսակարկ աշխատանքին:
Դպրեվանքին հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած «Գլաձոր»-ի սոյն հատորը լոյս տեսաւ դպրեվանքի նախկին սան եւ նիւթաբարոյապէս անոր առաքելութեան նեցուկ կանգնող Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեաններու ազնիւ մեկենասութեամբ` առ ի քաջալերանք Կիլիկեան դպրեվանքի առաքելութեան: Անհուն շնորհակալութիւն` այս օրհնեալ ամոլին, որուն սրտին մէջ դպրեվանքը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ:
Ահաւասիկ «Գլաձոր»-ը կրկին կը մատուցուի հայ ընթերցասէր ու եկեղեցասէր հանրութեան: Ահա ձեր առջեւ դպրեվանքը` իր իսկութեամբ, պարզութեամբ ու հարազատութեամբ: