«Ռուսիան ու Ուքրանիան գերիներու հերթական փոխանակում կատարած են», կը հաղորդէ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Փոխանակումը կատարուած է 103 103-ի դիմաց ձեւաչափով», յայտնած է նախարարութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ գերիներու հերթական խումբի փոխանակումը կարելի դարձած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ: