Ազրպէյճան Ռուսիոյ դեսպանը կանչած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` ռուսական լրատուամիջոցներուն մէջ հնչող «սադրիչ, վիրաւորական եւ սպառնալից» յայտարարութիւններուն պատճառով:
Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովին ազրպէյճանական կողմը ռուսական լրատուամիջոցներուն եւ տեղեկատուական դաշտին մէջ վերջին շրջանին հնչող յայտարարութիւններուն վերաբերող լուրջ մտահոգութիւն եւ վճռական բողոք ներկայացուցած է:
Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ անընդունելի է քննարկել Ազրպէյճանի ներքաղաքական գործընթացներուն միջամտելու կարելիութիւնները կամ կոչեր հնչեցնել Ազրպէյճանի ժողովուրդին եւ երկրի ղեկավարութեան նկատմամբ ֆիզիքական բռնութեան կիրարկման մասին:
Ազրպէյճանական կողմը նշած է, որ, հակառակ այսպիսի գործողութիւններուն հակազդելու վերաբերեալ Պաքուի բազմաթիւ կոչերուն եւ այն հանգամանքին, որ հարցը քննարկուած է տարբեր քաղաքական մակարդակներու վրայ, այս հռետորաբանութեան աւելի կարծր ձեւով շարունակութիւնը լուրջ մտահոգութեան պատճառ է:
Պաքու ռուսական կողմին կրկին յայտնած է իր ակնկալութիւնը` շտապ եւ արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու Ռուսիոյ տեղեկատուական եւ լրատուական դաշտին մէջ «Ազրպէյճանի դէմ սադրանքներու, սպառնալիքներու եւ բռնութեան կոչերու» դադրեցման ուղղութեամբ:
Նախօրէին յայտարարուեցաւ, որ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը հետախուզութիւն յայտարարուած է «Մոսկուա 24» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Իվան Քնեազեւի, Ռուսիոյ հաղորդակցութեան նախարարի խորհրդական, քաղաքական ճարտարագէտ Ալեքսէյ Չատայեւի եւ լրատուամիջոցներու փորձագէտ Սեմէոն Ուրալովի նկատմամբ` «երկրի տարածքային ամբողջականութեան խաթարման, սահմանադրական կարգի տապալման ուղղուած կոչերուն եւ ազգամիջեան թշնամութեան հրահրման համար»:
Զուգահեռաբար, նոյն օրը Ռուսիայէն արտաքսուած է Մոսկուայի ազրպէյճանական համայնքի ղեկավար Պախթիար Հասանովը: