Պէյրութի Շրջանի Ախոյեանութեան Տիտղոսին Համար. Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի 2026-ի տարուան Պէյրութի շրջանի աւարտականին, շաբաթ օր ժամ 16:00-ին Ահտի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ:

Զուտ հայկական աւարտականին (տերպիին) երկու խումբերն ալ պիտի տան իրենց լաւագոյնը` փաստելու համար, որ արժանի խումբը կը ներկայացնէ Պէյրութի շրջանը աւարտական հանգրուանին:

Մօտ երկու շաբաթ առաջ նոյն դաշտին վրայ ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Անդրանիկին, բայց ատիկա անշուշտ իմաստ չունի, որովհետեւ այդ օրը պարզապէս խմբակի առաջին դիրքին համար էր պայքարը, բայց այս շաբթուան մրցումը աւարտականն է, որուն յաղթականը առիթ կ՛ունենայ աւարտական հանգրուան հասնելու եւ պայքարելու այլ շրջաններու լաւագոյն խումբերուն հետ` բարձրանալու Գ. դասակարգ:

Ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, մրցումը Մոնտիալի աւարտականի բնոյթ ունի եւ ամէն մրցում այդպէս պէտք է խաղալ` դաշտին վրայ 90 վայրկեաններ տալով առաւելագոյնը:

Թուղթի վրայ ՀՄԸՄ աւելի լաւ կը թուի ըլլալ, եւ արդէն նախապէս տեսանք արդիւնքով ալ, բայց պէտք է անցեալ շաբթուան Տինամոյի մրցումի սխալները չկրկնենք, դիւրին փոխանցումներով խաղանք եւ չվստահինք անձնական ճիգերու: Խմբային գեղեցիկ խաղարկութեամբ միայն կրնանք յաղթել եւ շարունակել տարեշրջանը:

Leave a Comment