Իրաքի մէջ Հըզպալլայի փաղանգներու ապահովական պատասխանատու Ապու Մուժահետ Ասսաֆ քննադատեց Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտին` զայն ամբաստանելով գրգռիչ եւ անպատասխանատու արարքներ գործելու յանցանքով:
Ասսաֆ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Վարչապետին գրգռիչ ու անպատասխանատու արարքներուն նկատմամբ մեր համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ»` նշելով, որ «վարչապետին դատարկ պոռոտախօսութեան» հանդէպ աւելի քան հարիւր օր համբերած է:
Ան յայտնեց, որ որեւէ կառավարութեան հետ զէնքի հարցին վերաբերեալ մօտեցումին իր պայմանները ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացումն ու թրքական ուժերու հիւսիսային Իրաքէն հեռացումն են:
Ասսաֆ նաեւ պահանջեց լուծարել Փեշմերկա ուժերը` նշելով, որ անոնք Իրաքի միասնականութեան վտանգ կը ներկայացնեն, եւ քննադատեց «սիոնական-ամերիկեան թշնամիին» հետ այդ ուժերու «կասկածելի կապերը»:
Իրաքի մէջ Հըզպալլայի փաղանգներու ապահովական պատասխանատուն նշեց, որ «մեծ եղբայրներէն ու իմաստուններէն» կը սպասէ «աշխատանք տանիլ Զէյտիի յառաջացուցած անվտանգութեան աղաւաղումը շտկելու ուղղութեամբ, որպէսզի ոչ ոք արդարացում ունենայ, ինչպէս նաեւ ապահովենք կայունութիւնը, պահպանենք արժանապատուութիւնը եւ խուսափինք թշնամիներուն համար հաճելի բաներու մէջ ներքաշուելէ»: