էրտողան թրամփին իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը կը յայտնէ

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրանի եւ Կազայի մէջ պատերազմները, ինչպէս նաեւ Մեքքայի համաձայնագիրը:

Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած է Իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Թուրքիան պատրաստ է այդ հոլովոյթին նպաստելու:

Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երկուշաբթի օր իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Հորմուզի նեղուցը բանալու եւ Իրանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինադադարի շարունակումը երաշխաւորելու համար թափուող ջանքերը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեցին, որ Օմանի եւ Իրանի միջեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի յաւելումը արտօնելու շուրջ բանակցութիւնները յառաջընթաց արձանագրած են:

Պաշտօնատարները օրաթերթին ըսած են, թէ այդ բանակցութիւնները կը նպաստեն ուժանիւթի միջազգային շուկային վրայ ճնշումներու մեղմացման:

Ամերիկացի պաշտօնատարները ատոր կողքին մտավախութիւն յայտնած են, որ Մասքաթի եւ Թեհրանի միջեւ որեւէ համաձայնութիւն Հորմուզի նեղուցին վրայ Իրանի վերահսկողութեան ամրագրման յանգեցնէ:

Ըստ օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախընտրէ հասնիլ համաձայնութեան մը, որ Հորմուզի նեղուցին ամբողջական վերաբացման կը յանգեցնէ:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ միջնորդները Օմանի եւ Իրանի միջեւ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ երկկողմանի համաձայնութեան գոյացումին կը սպասեն` Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ աւելի լայն շրջագիծ ունեցող բանակցութիւններուն վերադառնալու համար:

Թրամփ երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրի երկարաձգման չի ձգտիր:

Ան լրագրողներուն նշեց, որ Իրան պիտի չկնքէ այն համաձայնութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները անհրաժեշտ կը նկատեն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը երէկ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Հորմուզի նեղուցին քարտէսը, որուն վրայ գրուած էր` «Ամերիկեան նոր հող»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Իսրայէլ ջանք թափեց Միացեալ Նահանգներու հետ փոխըմբռնման յուշագիրի ձեռքբերումը եւ գործադրութիւնը արգիլելու համար, եւ այդ ջանքը տակաւին կը շարունակուի»:

 

Leave a Comment