Յայտարարութիւններ ( 14 Օգոստոս 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի շաբաթ, 15 օգոստոս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:

Սուրբ պատարագին պիտի նախագահէ, մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք կատարէ եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԻՓԱՆ ԱՐՔ. ՔԷՉԷՃԵԱՆ
Լուսարարապետ Մայր տաճարի

ԾԱՆՕԹ:

Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 5:30-ին` հետեւեալ վայրերէն.

– Անթիլիասի մայրավանք
– Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
–  Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Նոր Ատանա)
– Ս. Յարութիւն եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներ (Ռըմէյլ եւ Նոր Հաճըն) (Օլիմփիք)
– Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի (Նորաշէն)
– Ս. Ագնէս վարժարան (Պուրճ Համուտ)
– Ազգային ծերանոց (Պուրճ Համուտ)
– Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի (Հայաշէն)
– Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
– Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
– Ս. Յակոբ եկեղեցի (Էշրեֆիէ)

***

ԿԻՐԱԿԻ, 16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2026

Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի խաղողօրհնէք:

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Դիւանապետ կաթողիկոսարանի

***

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2026
(ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Վարպետ ոսկերիչ (սէտէքէր) եւ Մաթրիքսի վրայ աշխատող Պաշտօնեայ: Դիմել` հեռ. 01-268478 կամ 03-207772 թիւերուն:

Leave a Comment