Հաքըպի Քասրայի Մէջ Պաղեստինեան Տուն Մը Պաշարած Բնակեցուածները «Ահաբեկիչներ» Եւ Անոնց Արարքը «Ահաբեկչութիւն» Կ՛որակէ

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի դատապարտեց Քասրայի մէջ պաղեստինեան տան մը պաշարման ընթացքին իսրայէլացի բնակեցուածներու գործած «ահաբեկչութիւն»-ը:

«Այս սարսափելի ահաբեկչական արարքը գործողներուն քայլերը, որոնք նպատակ ունէին վախցնել եւ նեղութիւն պատճառել այս ընտանիքին, զզուելի են: Նման աւազակային վարքագիծի համար որեւէ արդարացում չկայ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

«Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը շատ աշխուժօրէն ներգրաւուած էր այս հարցին մէջ, եւ մեր խնդրանքով իսրայէլեան բանակն ու ոստիկանութիւնը քայլեր ձեռնարկեցին գործողութիւնը կատարող իսրայէլացի ահաբեկիչները հեռացնելու համար», նշեց Հաքըպի:

Leave a Comment