Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, շաբաթ, 8 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագական հանդիսաւոր ձեռնադրութիւն:

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին` ձեռամբ հոգեւոր տիրոջ, կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն ստացան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներ Յովիկ Գոյունեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Աբրահամ Իսահակեան:

Արարողութեան ընթացքին ձեռնադրիչ հայրապետը ձեռնադրեալներուն իրաւունք տուաւ մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն, Ս. Գիրքէն ընթերցումներ կատարելու եւ Ս. խորանին սպասարկող սարկաւագներուն եւ քահանաներուն աջակցելու:

Հոգեւոր տէրը` իր սրտի խօսքը փոխանցելով կիսասարկաւագներուն, ըսաւ. «Այս նուիրական աստիճանը կարեւոր նախապատրաստական փուլ մըն է դէպի սարկաւագական, ապա` քահանայական բարձրագոյն ծառայութեան: Ձեզի կը մնայ սոյն նուիրական ձեռնադրութիւնը անաղատ եւ անեղծ պահելով` հասնիլ քահանայութեան եւ ծառայել Ս. խորանին»:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական հացկերոյթ` ի պատիւ նորօծ կիսասարկաւագներուն: Այս առիթով Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան իր խրատական պատգամը ուղղեց միաբանակից կիսասարկաւագներուն եւ ըսաւ. «Ձեռնադրութիւնը հոգեւոր ուղիի վսեմ փուլ մըն է, որ կը պահանջէ մնայուն աչալրջութիւն, մտքի եւ հոգիի լարում եւ խորին պատասխանատուութիւն` դիմակայելու եւ վերահսկելու ձեր կոչման դէմ հիւսուած որոգայթները»:

Ապա հետեւեալ հիմնական պատուիրանները յորդորեց. զգուշութիւն` իւրաքանչիւր քայլի եւ որոշումի նկատմամբ, զգօնութիւն` եկեղեցւոյ եւ նուիրական ծառայութեան մէջ տեղ գտնող որեւէ անհոգութեան դէմ, հսկողութիւն` շրջահայեաց, օրինակելի եւ խոնարհ վերաբերմունք շրջապատի հանդէպ, նաեւ նուիրում` ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ գործադրելու անոնց վստահուած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները:

Մեծաւոր հայրը իր խօսքը եզրափակեց ջերմօրէն շնորհաւորելով ձեռնադրեալները, անոնց ծնողներն ու միաբանութեան ողջ հայրերը:

Ներկաները իրենց սրտագին բարեմաղթանքներն ու շնորհաւորանքները փոխանցեցին կիսասարկաւագներուն` մաղթելով անոնց արդիւնաշատ ընթացք եւ աստուածային իմաստութիւն` դէպի քահանայական Ս. օծում առաջնորդող իրենց նուիրական ճամբուն վրայ:

Leave a Comment