Յայտարարութիւններ ( 13 Օգոստոս 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Էրիք եւ Ռայէլ Ալթանօ եւ զաւակունք (Նիւ Եորք)
Հանգուցեալ Նազարէթ Սապունճեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Լենա Սապունճեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Հուրի Հայրապետեան եւ զաւակը` Հրակ
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Լինա Սապունճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Թալին Սապունճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Հատի եւ Անժելիք Ապտելնուր
Տէր եւ տիկին Փառէն եւ Սարին Ճինպաշեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիար Արփիար Տէմիրճեան (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Լեւոն Շանթ եւ Թերեզա Տէմիրճեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Նէյթըն եւ Բալիկ Հերմըն (Ֆլորիտա)
Հերմինէ եւ Սոնա Հինոյեաններ
Սապունճեան եւ Ալթանօ ընտանիքներ
Հայրապետեան եւ Ճինպաշեան ընտանիքներ
Ապտելնուր եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Հերմըն եւ Հինոյեան ընտանիքներ
Քելէեան եւ Մաալուֆ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՐԱՖՖԻ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1960-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 11 օգոստոս 2026-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 13 օգոստոսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հինգշաբթի, 13 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին:

————————————–

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի շաբաթ, 15 օգոստոս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:

Սուրբ պատարագին պիտի նախագահէ, մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք կատարէ եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԻՓԱՆ ԱՐՔ. ՔԷՉԷՃԵԱՆ
Լուսարարապետ Մայր տաճարի

ԾԱՆՕԹ:

Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 5:30-ին` հետեւեալ վայրերէն.

– Անթիլիասի մայրավանք
– Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
–  Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Նոր Ատանա)
– Ս. Յարութիւն եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներ (Ռըմէյլ եւ Նոր Հաճըն) (Օլիմփիք)
– Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի (Նորաշէն)
– Ս. Ագնէս վարժարան (Պուրճ Համուտ)
– Ազգային ծերանոց (Պուրճ Համուտ)
– Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի (Հայաշէն)
– Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
– Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
– Ս. Յակոբ եկեղեցի (Էշրեֆիէ)

***

ԿԻՐԱԿԻ, 16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2026

Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի խաղողօրհնէք:

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Դիւանապետ կաթողիկոսարանի

***

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2026
(ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 16 օգոստոս 2026-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, խաղողօրհնէքը կատարէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին

Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Ի ԴԻՄԱՑ ՆՈՐ ԱՏԱՆԱՅԻ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ

Leave a Comment