Տոն Նելսըն Ոչ Եւս Է – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 2-րդ ամէնէն շատ յաղթանակ կերտած մարզիչ Տոն Նելսըն մահացաւ 86 տարեկան հասակին:

Պոսթըն Սելթիքսի հետ 5 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան (իբրեւ մարզիչ) Նելսըն 1335 յաղթանակներ կերտած է իբրեւ մարզիչ, յաղթանակի 55 տոկոսով:

Միայն Կրէկ Փոփովիչ (1390) աւելի յաղթանակ տօնած է մարզիչներու գծով: Ան մարզած է Միլուոքի Պաքսը, Տալաս Մեւրիքսը եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը: Ան 3 անգամ ընտրուած է տարուան լաւագոյն մարզիչ եւ փլէյ-օֆ կրցած է հասնիլ 31 տարեշրջաններէն 18-ին:

Նելսըն ինք է, որ յղացած է «Փոյնթ-ֆորուըրտ»-ի գաղափարը, եւ իր արագ ոճի պասքեթպոլի խաղաձեւը մինչեւ օրս կը յաջողի: Նելսըն սկսած էր Միլուոքի Պաքսը մարզել, երբ տակաւին կը խաղար Պոսթընի հետ (1976-ին):

Ան 11 տարիներ մարզեց Միլուոքին` շահելով իր շրջանի ախոյեանութիւնը 7 յաջորդական տարիներ:

Ան երկու անգամ մարզած է Կոլտըն Սթէյթը 11 տարեշրջաններ բոլորելով: Աւելի ուշ ան մարզած է նաեւ Տալաս Մեւրիքսը 8 տարիներ` 2000 թուականի դեկտեմբերէն 21 մրցումներէ բացակայելով քաղցկեղի վիրաբուժութեան պատճառով:

Ան կրցած էր համոզել 20 տարեկան Տըրք Նովիթցքին լքելու եւրոպական պասքեթպոլը եւ միանալու Տալասին: Նելսըն Սթիւ Նեշն ալ լաւ ձեւով պատրաստեց. վերջինս աւելի ուշ եղաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմական փոյնթ-կարտերէն մէկը:

 

Leave a Comment