Յայտարարութիւններ ( 10 Օգոստոս 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը
Ընդհանուր մեծաւորուհի մայր Արուսեակ Սաճոնեան եւ միաբան քոյրերը
Հանգուցեալ Թերեզ Պետրոսեան-Ճանսըզեանի ընտանիք
Տիկին Նելլի Պետրոսեան-Իզմիրեան եւ զաւակունք
Տիկին Պեռնատէթ Պետրոսեան-Մազաքեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Պարգեւ Պետրոսեանի զաւակը` Եղիկ
Տիար Աւետիս Պետրոսեան եւ զաւակունք
Պետրոսեան եւ Ճանսըզեան ընտանիքներ
Իզմիրեան եւ Մազաքեան ընտանիքներ
Միքայէլեան եւ Թոսունեան ընտանիքներ
Քիւրտեան եւ Պողիկեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
Տէր Վարդանեան եւ Ռահհալ ընտանիքներ
Ապու Մարաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ, կը գուժեն իրենց սիրելի քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՔՈՅՐ ԹԷՈՊԻՍՏԷ ՄԱՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ
(Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամ)

Վախճանումը, որ պատահեցաւ կիրակի, 9 օգոստոս 2026-ին:

Եկեղեցւոյ կարգը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 10 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Զմմառու «Նախախնամութեան տան» վանքի մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի միաբանութեան գերեզմանին մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին տեղւոյն վրայ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին:

————————————–

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ`
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(10-14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2026)

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երկուշաբթիէն հինգշաբթի` 10-13 օգոստոս 2026-ին, ամէն ԵՐԵԿՈՅ ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ, Սուրբ Աստուածածին վանքի Ուխտի օրուան առիթով պիտի մատուցուին ամէնօրեայ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ` միաբան հայրերու կողմէ, երգեցողութեամբ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒՆ, եւ մասնակցութեամբ` ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ: Սուրբ պատարագներու աւարտին տեղի պիտի ունենան ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ եւ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ:

Իսկ ուրբաթ, 14 օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան (Պիքֆայա) մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ, եւ ապա Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին դիմաց` ԱՆԴԱՍՏԱՆ եւ ԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ: Ապա, վեհափառ հայրապետը պիտի ընդունի հաւատացեալ ժողովուրդը եւ աջահամբոյրով տայ իր օրհնութիւնը:

Նոյն օրը` ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մասնակից դառնալու երեկոյեան սուրբ պատարագներուն եւ լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով ու Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

Սուրբ պատարագներուն մասնակցելու համար տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք երեկոները պիտի շարժին ժամը 5:30-ին, իսկ ուրբաթ առաւօտ` ժամը 8:30-ին եւ երեկոյեան` ժամը 5:30-ին, հետեւեալ վայրերէն.

– Սրբոց Վարդանանց (Պուրճ Համուտ)
– Ս. Ագնէս վարժարան (Պուրճ Համուտ)
– Ազգային Ծերանոց (Պուրճ Համուտ)
– «Թիքօ-Թիքօ» (Զալքա)
– «Աղբալեան» ակումբ (Մըզհէր)
– «Սիմիտեան» շէնքեր (Անթիլիաս)
– Մայրավանքին դիմաց (Անթիլիաս)
– «ԷՀԼԱՆ» շէնքեր (Ռաուտա)
– «Համբօ Մարքեթ» (Ֆանար):

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

————————————–

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Կոնճեան քոյրեր շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր` Մելինէ Կոնճեանի մահուան սուգին:

————————————–

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՍԱՂՄՈՍՆԵՐԸ»
1-18

ԲԱՑԱՏՐՈՂԱԿԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ
Ա. ՀԱՏՈՐ

ՀԵՂԻՆԱԿ` ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Հալէպ, 2025

***

«ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՍԱՂՄՈՍՆԵՐԸ»
19-34

ԲԱՑԱՏՐՈՂԱԿԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ
Բ. ՀԱՏՈՐ

ՀԵՂԻՆԱԿ` ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Հալէպ, 2025

————————————–

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտի շրջան, 3 ննջասենեակ, սալոն, 2 բաղնիք, 2 պատշգամ 4-րդ յարկ, 100 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 71-679741:

————————————–

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Վարպետ ոսկերիչ (սէտէքէր) եւ Մաթրիքսի վրայ աշխատող Պաշտօնեայ: Դիմել` հեռ. 01-268478 կամ 03-207772 թիւերուն:

Leave a Comment