Ազրպէյճանէն Իսրայէլ Քարիւղի Մատակարարումները Դադրեցնելու Իրանեան Կոչ

Իրանեան «Խապարանլայն» կայքը կը գրէ, որ եթէ Հորմուզի նեղուցին խափանումները տեւեն ընդամէնը քանի մը օր, մէկ կամ երկու շաբաթ, շուկան որոշ չափով պիտի կլանէ ցնցումը:

«Ճնշման հիմնական կէտը կը գտնուի այլ վայրի` Կասպից ծովուն եւ Կովկասի մէջ: Իսրայէլ լուրջ կախեալութիւն ունի այս ուղիով մատակարարուող քարիւղէն: Ազրպէյճանէն Իսրայէլ քարիւղի ներածումը 2025-ին հասած է օրական 94.000 տակառի, ինչ որ 31 տոկոսով աւելի է, քան նախորդ տարի:

«Ազրպէյճանական քարիւղին բաժինը Իսրայէլի քարիւղի ընդհանուր ներածման 46,4 տոկոսն է, ինչ որ աննախադէպ ցուցանիշ է: Եթէ այս ուղին խափանուի, անիկա ուղղակիօրէն պիտի ազդէ Իսրայէլի քարիւղի զտարաններուն, փոխադրութիւններուն, վերջնական գիներուն եւ մատակարարումներու ապահովութեան վրայ: Այս առումով Կասպից ծովուն առաւելութիւնը այն է, որ, ի տարբերութիւն Պարսից ծոցին, անիկա չի գտնուիր Միացեալ Նահանգներու ուղղակի եւ ուշադիր հսկողութեան տակ: Աշխարհագրական հեռաւորութիւնը, գործառնական բարդութիւնը եւ ուղիներու բազմամակարդակ բնոյթը կը նշանակեն, որ սահմանափակ, բայց ճշգրիտ գործողութիւնները պիտի ունենան աւելի մեծ զսպիչ ազդեցութիւն, քան Հորմուզի նեղուցին կարճաժամկէտ շրջափակումը:

«Ազրպէյճան հոս առանցքային դեր կը խաղայ: Բազմիցս յայտարարուած է, որ Իսրայէլ օգտագործած է Ազրպէյճանի տարածքն ու անոր հետախուզական ենթակառոյցները Իրանի դէմ պատերազմին մէջ: Օրինակ, Նախիջեւանէն «Հերմես» անօդաչու թռչող սարքի կիրարկումը նախադէպ եղած է Նաթանզի դէմ գործողութիւններուն համար: Նման հանգամանքներու մէջ Իրան կրնայ պատասխան ճնշում գործադրել Իսրայէլի ամէնէն խոցելի մարզին` ուժանիւթին մէջ:

«Թուրքիոյ նկատմամբ եւս պէտք է ուշադիր ու զգուշ վերաբերմունք ցուցաբերել: Ազրպէյճանական քարիւղը Կասպից ծովէն Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարով կը հասնի Ճէյհան, անկէ քարիւղակիրներով կը տեղափոխուի Միջերկրական ծով, իսկ այնուհետեւ` Իսրայէլի նաւահանգիստները:

«Ասիկա կը նշանակէ, որ Իսրայէլի ուժանիւթի մատակարարման շղթան կախեալ է ոչ միայն Պարսից ծոցէն, այլ նաեւ կապուած է Կովկասի եւ Թուրքիոյ: Այս տեսանկիւնէն, եթէ Կասպից ծովուն մէջ լարուածութիւնը ըլլայ սահմանափակ եւ վերահսկելի, Թուրքիա, հաւանաբար, պիտի բաւարարուի քաղաքական բողոքով, քանի որ գործնական միջամտութիւնը իրեն համար սուղ պիտի արժէ եւ պիտի սպառնայ իր իսկ շահերուն», նշուած է հրապարակման մէջ:

 

 

Leave a Comment