Արաղչի. «Ներկայիս Ամերիկայի Հետ Չենք Բանակցիր. Միջնորդներու Ճամբով Նամակներու Փոխանակում Տեղի Կ՛ունենայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու հետ չենք բանակցիր, որովհետեւ միջնորդներու ճամբով նամակներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ, սակայն այս հոլովոյթը բանակցութիւն չի նկատուիր»:

Ան ըսաւ, որ միջնորդները կը շարունակեն իրենց ջանքերը բանակցութիւնները վերսկսելու կարելիութիւն գտնելու համար` շեշտելով. «Մեր տեսակէտով, քանի տակաւին Միացեալ Նահանգներու կողմէ փոխըմբռնման յուշագիրի խախտման պարագաները չեն աւարտած, քանի տակաւին Ամերիկան իր խախտումներուն համար փոխհատուցում չէ տուած, բանակցութիւնները դարձեալ սկսելու կարելիութիւն չկայ»:

«Օմանի հետ Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային նոր ուղիի ճշդման վերաբերեալ բանակցութիւնները դրական կերպով կ՛ընթանան եւ վերջին փուլերուն մէջ են», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Ասիկա Հորմուզի նեղուցի վերաբացում չի նշանակեր: Այս համաձայնութիւնը կրնայ գոյանալ, սակայն Հորմուզի նեղուցի վերաբացումը կախեալ կը մնայ շարք մը պայմաններէ»:

Leave a Comment