ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբի երկարամեայ անդամ եւ ուսուցիչ`
ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԹԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2026-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը կը գուժէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբի երկար տարիներու անդամ եւ ուսուցիչ`
ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԹԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2026-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբը կը գուժէ իր երկար տարիներու անդամ եւ ուսուցիչ`
ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԹԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2026-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Թալին Պալթարեան եւ զաւակը` Սէրուժ
Օրդ. Անի Պալթարեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Քարոլ Պալթարեան եւ զաւակը
Պալթարեան եւ Վասիլի ընտանիքներ
Ուրֆալեան եւ Տէր Մկրտիչեան ընտանիքներ (Միացեալ Նահանգներ)
Գարաօղլանեան եւ Քէհէեան ընտանիքներ
Զաքարեան եւ Խոժա ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքներ
Տէրտէրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ՅՈՎՍԷՓ ՊԱԼԹԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1957-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հինգշաբթի, 6 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Մարի Մելիքսէթեան եւ ընտանիք
Տիկին Անի Սոմունճեան եւ զաւակը` Արամ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հուրի Մելքոնեան եւ ընտանիք
Տիար Արսէն Արծրունի եւ դուստրը` Ծովինար
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Աննա Արծրունի եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Աստղիկ Մելքոնեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Ալիս Պագգալեանի ընտանիք
Մելիքսէթեան եւ Արծրունի ընտանիքներ
Գասարճեան եւ Սոմունճեան ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Պագգալեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, կեսրոջ, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐՍԻՆԷ ՄԵԼԻՔՍԷԹԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՐԾՐՈՒՆԻ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 5 օգոստոս 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 6 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԵԼԻՆԷ ԿՈՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 օգտոստոս 2026-ին, Թրիփոլի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ`
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(10-14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2026)
Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երկուշաբթիէն հինգշաբթի` 10-13 օգոստոս 2026-ին, ամէն ԵՐԵԿՈՅ ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ, Սուրբ Աստուածածին վանքի Ուխտի օրուան առիթով պիտի մատուցուին ամէնօրեայ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ` միաբան հայրերու կողմէ, երգեցողութեամբ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒՆ, եւ մասնակցութեամբ` ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ: Սուրբ պատարագներու աւարտին տեղի պիտի ունենան ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ եւ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ:
Իսկ ուրբաթ, 14 օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան (Պիքֆայա) մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ, եւ ապա Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին դիմաց` ԱՆԴԱՍՏԱՆ եւ ԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ: Ապա, վեհափառ հայրապետը պիտի ընդունի հաւատացեալ ժողովուրդը եւ աջահամբոյրով տայ իր օրհնութիւնը:
Նոյն օրը` ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մասնակից դառնալու երեկոյեան սուրբ պատարագներուն եւ լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով ու Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:
Սուրբ պատարագներուն մասնակցելու համար տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք երեկոները պիտի շարժին ժամը 5:30-ին, իսկ ուրբաթ առաւօտ` ժամը 8:30-ին եւ երեկոյեան` ժամը 5:30-ին, հետեւեալ վայրերէն.
– Սրբոց Վարդանանց (Պուրճ Համուտ)
– Ս. Ագնէս վարժարան (Պուրճ Համուտ)
– Ազգային Ծերանոց (Պուրճ Համուտ)
– «Թիքօ-Թիքօ» (Զալքա)
– «Աղբալեան» ակումբ (Մըզհէր)
– «Սիմիտեան» շէնքեր (Անթիլիաս)
– Մայրավանքին դիմաց (Անթիլիաս)
– «ԷՀԼԱՆ» շէնքեր (Ռաուտա)
– «Համբօ Մարքեթ» (Ֆանար):
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վարպետ ոսկերիչ (սէտէքէր) եւ Մաթրիքսի վրայ աշխատող Պաշտօնեայ: Դիմել` հեռ. 01-268478 կամ 03-207772 թիւերուն:
————————————–
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները` յունիս եւ յուլիս ամիսներուն ընթացքին.
– Տիկին Նազելի Մարտիրոսեան-Սլիմ Տուպայէն` պատսպարեալի հոգատարութիւն, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն համար 1042$
– Տէր եւ տիկին` Շահէ եւ Արփի Ճիյէրեան 5000$
– Ներսէսեան ընտանիք` Յակոբ Խարբութլեանի մահուան առիթով 200$
– Ճղըլեան ընտանիք` Յակոբ Խարբութլեանի մահուան առիթով 100$
– Եսայի Հաւաթեան` բուժարանի պտղատու ծառերու սրսկումի փոխարէն 138$
– Տիկին Ուոլթրոյտ Թորոսեան 500$
– Տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան 500$
– Վիգէն Սահակեան` պատսպարեալի մէկ ամսուան հոգատարութիւն 1000$
Ազգային մը 100 պրիոշ` իր մօր մահուան յիշատակին
Կանխայայտ շնորհակալութիւն:
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
