Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Վճռականօրէն տրամադրուած եմ մեր անվտանգութեան շահերը իրագործելու: Կազայի մէջ գիծերէն պիտի չհեռանանք, մինչեւ որ Համասը ամբողջովին զինաթափուի»:
«Բանակին ցուցմունք կու տանք իրենք զիրենք, մեր քաղաքացիներն ու հողերը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ ամէն բան ընելու: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր խումբը կը կարծեն, թէ Համասը կարելի է զինաթափել եւ Կազան ապազինեալ դարձնել, եւ մենք այդ մէկը կը քննենք», նշեց ան:
«Ամերիկացիները մեզի ուղարկեցին նախագիծ մը. անոր համաձայն չգտնուեցանք եւ մեր նկատումները ուղարկեցինք», յայտնեց Նեթանիահու: