Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին 6-րդ տարելիցին առիթով իր դիմատետրեան էջին վրայ հրապարակեց հետեւեալ գրառումը.
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վեցերորդ տարելիցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը յարգէ զոհերու յիշատակը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոնց ընտանիքներուն ու Լիբանանի ժողովուրդին:
«Թող զոհերու հոգիները հանգչին խաղաղութեամբ, իսկ Լիբանան գտնէ արդարութիւն եւ ապաքինում»: