Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց Քպայյաթի քաղաքապետութեան ու «Ինսան» հաստատութեան կազմակերպած մարմնակրթական փառատօնի փակման հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Քպայյաթի Մար Տումեթ դպրոցի մարզադաշտին մէջ, եւ որուն նախարարին կողքին ներկայ գտնուեցան Քպայյաթի քաղաքապետ եւ «Ինսան» հաստատութեան նախագահ Միշէլ Ապտոն, նախկին երեսփոխան Հատի Հպէյշը, Քպայյաթի փառատօնի յանձնախումբի նախագահ Սինթիա Քարքաֆի-Հպէյշը եւ Էլիաս Ժըրժես եպիսկոպոսը:
Պայրագտարեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի շարունակէ քաղաքապետութիւններու հետ գործընկերութիւնը ամրապնդել` աջակցելու համար տեղական հասարակութիւններու մէջ մարմնակրթական համապարփակ զարգացման:
«Մենք կը հաւատանք, որ մարմնակրթութիւնը պէտք է մշակոյթ ըլլայ քաղաքին ու գիւղին մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, եւ մարզադաշտերն ու հանրային տարածքները վերածուին հանդիպման ու կեանքի վայրերու», նշեց ան:
«Ամենայն հպարտութեամբ կ՛ըսեմ, թէ Լիբանանի մէջ տակաւին կան հողեր, որոնք տակաւին հարուստ են: Կը ձգտինք Լիբանանի մը, որ իր ժառանգութիւնը կը պահպանէ, իր երիտասարդներն ու ժողովուրդը կը մեծարէ, եւ նորարարութիւնը կը վերածէ իր ազգային ինքնութեան մէջ ուժի», յայտնեց Պայրագտարեան: