«Եու. Էս. Օփըն»-ը կը հանդիսանայ տարուան 4-րդ եւ վերջին կրան-շլեմի մրցաշարքը թենիսի աշխարհին մէջ:
Այս տարուան խառն զոյգերու մրցումները բնականէն աւելի հետաքրքրական կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ յաւելեալ 13 խումբեր, ինչպէս նաեւ Վինըս Ուիլիամս պիտի մասնակցին նորապսակ զոյգերու կողքին:
29 խումբեր պիտի մասնակցին եւ պայքարին 16 դիրքերու համար, անոնք պիտի մասնակցին հիմնական վիճակաձգութեան, որ տեղի կ՛ունենայ 25 եւ 26 օգոստոսին:
Ուիլիամս պիտի ըլլայ Ալեքսանտր Պուպլիքի զոյգը, մրցաշարքի մը, որուն յաղթականը պիտի ստանայ 1 միլիոն ամ. տոլար, որուն համար բազմաթիւ առաջնակարգ մարզիկներ քաջալերուեցան մասնակցելու:
Թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա եւ 24 անգամ կրան շլեմի տիտղոսակիր Նովաք Ճոքովիչ կը գլխաւորեն հիմնական 16 խումբերը:
Էլինա Սվիթոլինա եւ իր ամուսինը` Կայել Մոնֆիս, որ սկզբունքով իր վերջին կրան շլեմի մրցաշարքին կը մասնակցի, ինչպէս նաեւ նորապսակ զոյգեր Քէյթի Պոլթըր եւ Ալեքս Տը Մինաոր մաս պիտի կազմեն նաեւ զտումներուն:
Նոր զոյգերուն մաս կը կազմեն նաեւ Քարոլինա Մուչովա եւ Եագոպ Մենշիք, Աննա Քալինսքայա եւ Լորենցօ Միւզեթթի, Էմմա Նավարօ եւ Թոմի Փոլ, Մարիա Սաքքարի եւ Կարէն Խաչանով, Թաթիանա Մարիա եւ Վալենթեն Վաշըրօ, Ելենա Օսթափենքօ եւ Մարսելօ Արեւալօ:
8 զոյգեր հրաւէր պիտի ստանան մասնակցելու, մինչ բարձր դասուած մարզիկներ բնականաբար առանց զտումի մրցումներու պիտի մասնակցին: Սապալենքա – Ճոքովիչ զոյգէն անկախ, մրցաշարքին կը մասնակցին Իկա Շվիանթեք եւ Քասփեր Ռոտ (2025-ի փոխախոյեան զոյգ), Էլենա Ռիպաքինա եւ Թէյլըր Ֆրից, Նաոմի Օզաքա եւ Քէյ Նիշիքորի, Ճեսիքա Փեկուլա եւ Ճեք Տրէյփըր, Միրա Անտրէեւա եւ Անտրէ Ռուպլեւ, Տայանա Շնայտըր եւ Տանիլ Մետվետեւ, Թէյլըր Թաունզընտ եւ Ալեքսանտր Զվերեւ, ինչպէս նաեւ Սարա Էրանի եւ Անտրէա Վաւասորի: Վերջին զոյգը 2 անգամ շահած է «Եու. Էս. Օփըն»-ը: