Ջութակահար, խմբավար եւ նախկին հաշուապահ Դաւիթ Մելքոնեանը երկու ամիս առաջ որոշած է Հայաստան տեղափոխուիլ՝ վերջնականապէս հաստատուելու նպատակով։ «Այս օրերուն աւելի շատ են եկողները»,— կը վկայէ Դաւիթ։ Հալէպէն Երեւան թռիչքը շատ կարճ տեւած էր՝ ընդամէնը 1 ժամ 15 վայրկեան, պատճառը Թուրքիոյ օդային տարածքով անցնիլն էր, որ նախապէս արգիլուած էր։ Առաջին զարմանքը այդ եղած էր Դաւիթին համար։
Անապահովութիւնն ու առօրեայ սղութիւնը պատճառ դարձած էին, որպէսզի Դաւիթ Մելքոնեան իր մօր հետ տեղափոխուի Հայաստան։ Ան ինքզինք նոյնիսկ ուշացած կը համարէ այս դժուար որոշումը առնելու համար։
«Հայաստանի մէջ , շատ զգալի է զարգացումը վերջին երկու ամիսներու ընթացքին, քաղաքի մաքրութիւնը եւ թեքնոլոժիի զարգացումը, եթէ բաղդատեմ առաջին շաբաթը որ եկայ եւ հիմա, արդէն վարժուեցայ»։
Դաւիթին համար դիւրին չէ գործ գտնելը․ ան տարբեր տեղեր դիմած է, բայց դեռ պատասխանի կը սպասէ։ Ան կը հետեւի յատուկ դասընթացքներու՝ հաշուապահութեան ոլորտին մէջ իր գիտելիքները բարելաւելու համար։
«Անշուշտ կը քաջալերեմ ընկերներուս, որ մէկ ուղղութիւն ունենան, այն ալ՝ դէպի Հայաստան»։ Ան նաեւ նկատած է, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ յաճախ կարելի է լսել հարազատ արեւմտահայերէնը։
Դաւիթը թէ՛ ջութակահար է, թէ՛ խմբավար․ ան նաեւ արաբական խումբի մը մէջ արաբական երաժշտութիւն կը նուագէր, ինչպէս ինք կը պատմէ։
«Այդքան լաւ բաներ կան քաղաքին մէջ , միայն ինծի համար գործ գտնելն է դժուարութիւնը, կրնամ ըսել որ ուրախ եմ այս քայլը առնելուս, բոլորին կը յորդորեմ գալու հայրենիք, մէկ տոմս եւ այն ալ դէպի Հայաստան», –կը շեշտէ Դաւիթ։
«Այդքան լաւ բաներ կան քաղաքին մէջ, միայն ինծի համար գործ գտնելն է դժուար․ կրնամ ըսել, որ ուրախ եմ այս քայլը առնելուս համար։ Բոլորին կը յորդորեմ գալ հայրենիք․ մէկ տոմս եւ այն ալ դէպի Հայաստան»,– կը շեշտէ Դաւիթ։