«Ես Իրանին դարձեալ կոչ ուղղեցի` դադրեցնելու իր զինուորական աջակցութիւնը Ռուսիոյ»: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս:
«Այսօր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաղչիի հետ Ծոցի մէջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին շուրջ, որ Մոսկուան վերջին օրերուն ա՛լ աւելի սաստկացուցած է:
«Ծոցի մէջ մարտական գործողութիւններու դադարը կրնայ միջնորդներուն ժամանակ տալ` գտնելու դիւանագիտութեան վերադառնալու ուղին եւ կանխարգիլելու լայնածաւալ պատերազմին վերադարձը:
«Ես յստակացուցած եմ, որ Թեհրանի մէջ ֆրանսացի դիւանագէտներու վրայ յարձակումը անընդունելի է: Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամ պետութիւնները դատապարտած են այս գործողութիւնները:
«Ուրախալի է, որ Անտրէյ Սիպիկան զրուցած է Ապպաս Արաղչիի հետ լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով: Ես պատրաստ եմ այդ ջանքերուն աջակցելու:
«Ես Իրանին դարձեալ կոչ ուղղեցի` դադրեցնելու իր զինուորական աջակցութիւնը Ռուսիոյ: Մոսկուան Ուքրանիոյ մէջ քաղաքային զոհերու հետզհետէ աւելի մեծ թիւ կը պատճառէ, եւ անոր ստացած որեւէ մատակարարում անոր կ՛օգնէ աւելի շատ խաղաղ բնակիչներ սպաննելու»: Ուքրանիան պաշտպանուելու իրաւունք ունի», գրած է Քալլաս: