Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Օղակը Կը Սեղմուի Լիբանանեան Բանակին Շուրջ (81-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     

Կը յիշեմ, որ լիբանանեան բանակին նուիրուած վերջին գրութիւնս կը կրէր 2022 թուականը: Պոռթկումի, ընդվզումի եւ մտատանջութեան արտայայտութիւն մըն էր, պարզապէս որովհետեւ Լիբանան կոչուած երկիրը մատնուած էր ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական քաոսային վիճակի մը, այն աստիճան, որ պետութիւնը հազիւ թէ կարենար ապահովել պետական պաշտօնեաներու ամսականները:

Ընդգծել է պէտք, որ ցարդ նոյնն է վիճակը` խայտառակ եւ խառնափնթոր:

Այդ ատեն, աւելի ողբերգականն ու ցաւալին այն էր, որ պետական այրեր, որոնց շարքին բանակի հրամանատարը, այցելութիւններ կու տային արաբական թէ եւրոպական երկիրներ, տարբեր տեսակի օժանդակութիւն ապահովելու ազգային բանակին:

Օրին, գտնուեցաւ Ծոցի շրջանի արաբական երկիր մը, որ նիւթական նպաստ եւ սննդամթերք մատակարարէ բանակին, ամսական հերթականութեամբ:

Պահ մը երեւակայել, որ տուեալ երկիրի մը բանակը, որ կոչուած է իր ուժով եւ զոհողութեամբ պաշտպանել սեփական երկրին սահմաններն ու ժողովուրդը, ինչ-ինչ պատճառներով զրկուած է պետական նեցուկէ, օժանդակութենէ:

Ըսինք, քաոսային, առաւել շեշտադրելու 2019-էն ասդին դրամատնային կարգ ու սարքի անկումին, թղթոսկիի արժեզրկումին եւ ցարդ ընթացող պատերազմական վիճակի յամեցումին տարողութիւնն ու անոնց գործած ահաւոր վնասները:

Ա՛լ չենք խօսիր մարդկային զոհերու մասին, որոնց թուարկումն անգամ ահ ու սարսափի կը մատնէ շրջապատ մը ամբողջ:

Ի դէպ, ի՞նչ պէտք է ակնկալել պետութենէ մը, որ իր ծնունդէն ի վեր (1920) կը տուայտի, ինքզինք զրկած է պետականութեան հիմերը ամրապնդելու շնորհէն, ճիգէն, նախանձախնդիր ոգէն, կ՛ապրի` ժամանակ առ ժամանակ պատերազմի անդոհանքը, ենթակայ է քանդումի, աւերուածութեան, գաղթի եւ պառակտումի, առաւել եւս, եղած է կամազուրկ ու տասնամեակներէ ի վեր յանձնուած է աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններու յորձանուտին, այլապէս ալ կը փորձէ վերականգնիլ եւ սեփական ժողովուրդին սին յորդորներ ու երազներ վաճառել:

Այո՛, կեղծ ու ստապատիր յորդորներ եւ անբովանդակ երազներ:

Օգոստոսի 1:

Լիբանանեան բանակի օր:

Սովոր է եղած լրագրական կեանքի մէջ գէթ սիւնակով մը անդրադառնալու, երախտագիտական խօսք ըսելու, այս պարագային, կառոյցի մը մասին, որ ամբողջ ժողովուրդի մը սէրն ու յարգանքը կը վայելէ:

Կառոյց մը, որ խորհրդանիշն է եղած միասնականութեան, հաւատամքի, սիրոյ, զոհողութեան, մարտունակութեան, կամքի եւ նուիրումի, 1945-էն ի վեր, երբ Մեծն Լիբանան կոչուած հողատարածքը տակաւ շօշափելի իրականութիւն կը դառնար:

Իրօք, պետական կառոյց մը, որուն դրօշին տակ համախմբուած են տարբեր համայնքներու զաւակներ, որոնք երդուած են կռուիլ ու պաշտպանել Լիբանանը:

Անվտանգութեան, բարօրութեան ու ապահովութեան երաշխիք հանդիսացող կառոյց մը, որ, մանաւանդ Լիբանանի անկախութենէ ետք (1943), ստանձնած է այս երկրին պաշտպանութիւնը, երբեմն ձախողած, բայց շատ անգամ` յաջողած:

Այո՛, ձախողած, երբ միջհամայնքային անհանդուրժողութիւնը, եղբարասպան կռիւները խափանած են անոր երթը, աւելի՛ն. երբ պետական մակարդակի փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը քայքայած է պետականութեան կարգն ու սարքը:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ լիբանանեան բանակը, որուն շարքերը համալրուած են հերոս ու բարձր վկայականներու տէր տղոց փաղանգներով, զինուորական ուսում, հմտութիւն եւ մասնագիտութիւն վաստկած բարձրաստիճան սպաներով, դժուար թէ կարողացած է պահել իր ուժականութիւնը, փոխանակ զօրանալու, արդիականանալու եւ տիրական կառոյց մը ըլլալու:

Պատճառը, եթէ երբեք մէկ կողմէ լիբանանեան  ներքին հարցերն են, միւս կողմէ, սակայն, արտաքին ուժերու աշխարհաքաղաքական նկրտումներն են, որոնք ուղղակի իրենց ազդեցութիւնը բանեցուցած են, լիբանանեան բանակի զինումը արգելակելու եւ զայն պահելու յեղյեղուկ վիճակի մէջ:

Վերջին տարիներուն (2023-26) Լիբանան կ՛ապրի իր դժուարագոյն, ահաւոր եւ սահմռկեցուցիչ վիճակը: Միջին Արեւելքը թատերաբեմ է դարձած գոյութենական պատերազմներու: Մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներ-Իրան պատերազմը, եւ միւս կողմէ` Իսրայէլի սանձազերծած ռմբակոծումները, Լիբանանը մատնած են դժոխային վիճակի` մահ ու աւեր սփռելով ամէնուրեք:

Օտար ուժեր ու յատկապէս Իսրայէլ օրն ի բուն կ՛աշխատին Լիբանանի պետական վերջին կառոյցին` բանակին հարուած հասցնելու, զայն հեռացնելով իր ազգային առաքելութենէն, ինչպէս նաեւ` մխրճելու ներքին հակամարտութեան մը մէջ, Հըզպալլան զինաթափելու կամ անոր դէմ պատերազմ յայտարարելու:

Սադայէլական ծրագիրներու փունջ մըն է, որ կը պարտադրուի Հըզպալլայի:

Պահիկ մը զանց առնելով պետական մակարդակի կատարուած այս կամ այն տիպի բանակցութիւնները, անոնց բնոյթն ու տարողութիւնը, անվարան պէտք է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ կը վերաբերի լիբանանեան ներքին կեանքի կառուցուածքին, համայնքայնութեամբ պարուրուած գոյավիճակին եւ դժխեմ ժողովրդագրական պատկերին, թէ ատելութեամբ եւ իրերամերժ պահուածքով ու քաղաքական շահամոլի արեւելումով` դժուար թէ պետականութիւն կառուցուի, պատկանելիութիւն եւ հայրենիք պահպանուի:

Առանց արդարացնելու կամ մեղադրելու այս կամ այն քաղաքական հոսանքը, ինչպէս նաեւ` ստորագնահատելու հայրենասիրական համեստ մղումներն ու կոչերը, տրամաբանութիւնն ու պատմութիւնը կը յուշէ, որ ժողովուրդի մը պետականամէտ հասունութիւնն ու ազգային արժանապատուութեան խոր գիտակցութիւնն է, որ պիտի փրկէ տուեալ հասարակութիւնը եւ պաշտպանէ պետական համակարգը:

Ու այդ պետական համակարգին ամէնէն նուիրական ու անփոխարինելի կռուանը է ու պիտի մնայ ազգային բանակը, որուն դէմ այս օրերուն կը նիւթուին զարմանազան դաւեր:

Ճիշդ է, որ ցարդ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը կը փորձէ դէմ դնել բոլոր խժդժութիւններուն ու բարձր դասել ազգային միասնութիւնը, կը մնայ սպասել ու տեսնել, թէ բանակը որքանո՞վ պիտի կարենայ շրջանցել փորձութիւնները եւ թշնամի ուժերու որոգայթները:

 

Leave a Comment