Մեր Պայքարը Պիտի Շարունակուի Բոլոր Կարելի Միջոցներով` Ի Շահ Համահայկական Միասնականութեան Եւ Մեր Արդար Իրաւունքներու Նուաճման*

ԳՐԻԳՈՐ ԷՔՄԵՔՃԵԱՆ

Դարձեալ հաւաքուած ենք սրբազան վայրի մը դիմաց` խոնարհելու մեր հինգ հերոսներու յիշատակին առջեւ:

Սարգիս Աբրահամեան
Սիմոն Եահնիեան
Արա Քըրճըլեան
Վաչէ Տաղլեան
Սեդրակ Աճեմեան

Հինգ անուններ, որոնք այլեւս պարզ անուններ չեն:

Հինգ ճակատագիրներ, որոնք դարձած են յիշողութիւն եւ պատգամ:

Հինգ երիտասարդ սրտեր, որոնք մեր ժողովուրդի ցաւը իրենց մէջ կրելով` որոշեցին աշխարհին յիշեցնել, թէ լռութեան դատապարտուած ժողովուրդ մը անպայման օր մը պիտի բարձրացնէ իր ձայնը:

27 յուլիս 1983:

Այս թուականը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուած է խոր ցաւով, սակայն` անզուգական հպարտութեամբ, ծանր խորհուրդով եւ ազգային պահանջատիրութեան անջնջելի դրոշմով:

Այսօր մենք այստեղ չենք միայն հինգ հերոսներու յիշատակը ոգեկոչելու համար: Մենք այստեղ ենք խղճի քննութիւն կատարելու համար: Մենք այստեղ ենք հարցնելու քաջաբար` արդեօք արժանի՞ ենք այն սերունդներուն, որոնք իրենց գարուն կեանքերը նուիրեցին Հայ դատին, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ Ցեղասպանութեան արդար հատուցման պահանջին:

Անոնք ծնած էին ժողովուրդէ մը, որ տեսած էր` աքսոր, սպանդ, հայրենազրկում եւ լռութեան պարտադրանք: Անոնք զաւակներն էին այն սերունդին, որուն պապերուն տուները բռնագրաւուած էին, եկեղեցիները` պղծուած, գերեզմանները` անարգուած, իսկ հայրենի հողը` բռնագրաւուած:

Անոնք հասակ նետած էին` լսելով այն պատմութիւնները, զորս աշխարհը երկար տարիներ չէր ուզեր լսել:

Անոնք հասակ նետած էին այն գիտակցութեամբ, որ 1915-ը միայն անցեալի ողբերգութիւն մը չէ: Անիկա շարունակուող անարդարութիւն մըն է, այնքան ատեն որ Թուրքիոյ պետութիւնը կը մերժէ ճշմարտութիւնը, կը ժխտէ իր պատմական պատասխանատուութիւնը եւ կը շարունակէ կառուցել իր պետական քաղաքականութիւնը ուրացման, խեղաթիւրման եւ հայատեացութեան վրայ:

Այսօր մենք կը խոնարհինք հինգ հերոսներու յիշատակին առջեւ: Մենք կը խոնարհինք անոնց վճռակամութեան առջեւ:

Կը խոնարհինք այն սրբազան նուիրումին առջեւ, որ անոնք իրենց անձնական կեանքէն վեր դասեցին ազգային պահանջատիրութիւնը: Կը խոնարհինք անոնց համոզումին առջեւ, թէ հայ ժողովուրդի դատը կարելի չէ փակել դիւանագիտական լռութեամբ կամ ժամանակի մաշումով:

Բայց այսօր, սիրելի՛ նահատակներ, ձեր յիշատակին առջեւ կանգնած` նաեւ ներողութիւն կը խնդրենք:

Ներեցէ՛ք մեզի:  Ներեցէ՛ք մեզի, որովհետեւ այսօր Հայաստանը վիրաւոր է, իսկ Արցախը` հայաթափուած: Ներեցէ՛ք մեզի, որովհետեւ հայրենի հողին վրայ կրկի՛ն հայը տեղահանուեցաւ, կրկի՛ն հայկական տուները դատարկուեցան, կրկի՛ն եկեղեցիները մնացին թշնամիի ձեռքերուն մէջ: Ներեցէ՛ք մեզի, որովհետեւ մեր ժողովուրդի մէկ մասը ստիպուած եղաւ լքել իր հազարամեայ բնօրրանը, մինչ աշխարհը կրկի՛ն դիտեց, կրկի՛ն հաշուարկեց, կրկի՛ն լուռ մնաց: Ներեցէ՛ք մեզի, որովհետեւ մեր ազգային պայքարի կողմնացոյցը երբեմն կորսնցուցինք աշխարհի այս խառնաշփոթին մէջ: Երբեմն հայրենիքը վերածեցինք կարգախօսի, բայց մոռցանք զայն դարձնել ամէնօրեայ պատասխանատուութիւն:

Եւ ահա այսօր կան մարդիկ, որոնք ստանձնելով հայրենիքի պետականութեան բարձր պաշտօնները` ազգային արժէքները փոխանակած են ժամանակաւոր շահերու հետ, որոնք հայրենիքը չափած են աթոռով, պաշտօնով կամ քաղաքական մանր հաշիւներով, որոնք պատրաստ են մոռնալու Ցեղասպանութիւնը, լուռ մնալու Արցախի հարցով եւ հաշտուելու պարտութեան հետ, միայն թէ իրենց անցողիկ դիրքերը չվտանգուին:

Անոնց պէտք է ըսել բարձրաձայն` ժողովուրդ մը, որ կը վաճառէ իր յիշողութիւնը, կը վտանգէ իր ապագան, ժողովուրդ մը, որ մոռացութեան կամ նոյնիսկ կասկածի կը մատնէ իր զոհերը, կը պատրաստէ նոր զոհեր, ժողովուրդ մը, որ իր ազգային արժէքները կը զոհէ քաղաքական փոքր շահերու համար, վաղը պիտի կորսնցնէ ոչ միայն հողը, այլ նաեւ` իր գոյութիւնը:

Մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ Հայ դատը դառնայ ձեւական արտայայտութիւն: Մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ Արցախը դառնայ փակուած էջ: Արցախը փակուած էջ չէ: Արցախը այսօր մեր ազգային մարմնին բաց վէրքն է:  Արցախը մեր յիշողութեան մէջ ապրող հայրենիք է: Արցախը մեր ապագայ սերունդներուն փոխանցուելիք պարտաւորութիւնն է:

Այսօր, սիրելի՛ նահատակ ընկերներ, մենք կու գանք նորոգելու մեր ուխտը: Ուխտ` չմոռնալու, չլռելու, չհաշտուելու կեղծ պարտութեան հետ: Ուխտ` շարունակելու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ արդար հատուցման պայքարը:

Մեր պայքարը պիտի շարունակուի պատմութեան, իրաւունքի, դիւանագիտութեան, քաղաքական կազմակերպուածութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ ի շահ համահայկական միասնականութեան բոլոր կարելի միջոցներով:

Ա.- Յոյսը` ազգային պայքարի առաջին ուժը

Սիրելի՛ երիտասարդներ, պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ հայ ժողովուրդը իր ամենամեծ յաղթանակները արձանագրած է այն ատեն, երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուէր: Մեր նախնիները յոյսը երբեք չշփոթեցին պարզ եւ թոյլ լաւատեսութեան հետ. անոնք յոյսը դարձուցին կամք, աշխատանք եւ պատասխանատուութիւն: Այսօր ալ, որքան ալ մեր շուրջը անորոշութիւն, պատերազմներ եւ դժուարութիւններ տեսնենք, մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու: Ամբողջ ժողովուրդ մը իր հայեացքը ուղղած է դէպի ձեզ` նոր սերունդը, որովհետեւ ձեր աչքերուն մէջ կ՛ուզէ տեսնել վաղուան յաղթանակի ծարաւն ու բոցը: Ձեր խանդավառութիւնը պիտի վերակենդանացնէ յոգնած հոգիներ, ձեր հաւատքը պիտի վերականգնէ ազգային վստահութիւնը: Երբ դուք կանգուն ու ամուր կը մնաք, ամբողջ ազգը կը զգայ, որ ապագան տակաւին յաղթանակներով լեցուն է: Հետեւաբար երբեք թոյլ մի՛ տաք, որ յուսահատութիւնը դառնայ ձեր որոշումներուն առաջնորդը, որովհետեւ յոյսը միայն զգացում մը չէ, ան ազգային պարտականութիւն է:

Բ.- Այսօրուան պայքարը` այսօրուան միջոցներով

Ամէն ժամանակաշրջան իր պայքարի միջոցները ունի: Անցեալ դարու պայմանները տարբեր էին, իսկ այսօրուան աշխարհը կը գործէ այլ կանոններով: Այսօր ազգերու ուժի չափանիշներն են համալսարաններուն, հետազօտական կեդրոններուն, դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն, տեղեկատուական դաշտին եւ նորագոյն արհեստագիտութիւններուն մէջ արձանագրած յաջողութիւնները: Ահա թէ ինչո՛ւ երիտասարդ հայը պէտք է գերազանցէ իր ուսման մէջ, օգտագործէ տեղեկատուական միջոցները ճշմարտութիւնը տարածելու համար եւ իր մասնագիտական կարողութիւնները ծառայեցնէ ազգային նպատակներուն: Հայ դատի պաշտպանութիւնը այսօր կը պահանջէ` գիտելիք, պատրաստուածութիւն, կազմակերպուած աշխատանք եւ համաշխարհային մտածողութիւն: Մեր պայքարը կը շարունակուի այն բոլոր օրինական եւ ազդեցիկ միջոցներով, որոնց շնորհիւ կարելի է` պաշտպանել ճշմարտութիւնը, ամրացնել Հայաստանը, հզօրացնել սփիւռքը եւ աշխարհին հասցնել մեր ժողովուրդի արդար ձայնը:

Գ.- Միասնութիւնը` մեր գոյատեւման անփոխարինելի պայմանը

Այսօր մեր ազգը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ` թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին,  տարբեր ձեւի թշնամիներ` թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին: Այդ պատճառով ալ մեր ամենամեծ ուժը պէտք է ըլլայ միասնութիւնը: Ժամանակն է, որ սորվինք աւելի շատ լսել զիրար, աւելի շատ համբերութեամբ վարուիլ իրարու հետ եւ աւելի շատ աշխատիլ իրարու հետ եւ իրարու համար: Ազգ մը չի զօրանար, երբ անհատը միայն իր սեփական շահը կը հետապնդէ, այլ կը զօրանայ այն ատեն, երբ անհատական կարողութիւնները ի սպաս կը դրուին ընդհանուր շահի ու նպատակի ծառայելու: Մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր Եկեղեցին, մեր կրթական հաստատութիւնները եւ մեր ազգային կազմակերպութիւնները բոլորն ալ կը զօրանան, երբ զիրար կը զօրացնենք: Սիրելի՛ երիտասարդներ, ձեր սերունդը պարտաւոր է ըլլալ այն սերունդը, որ կը վերականգնէ վստահութիւնը, կը կամրջէ բաժանումները եւ կը հաստատէ միասնութեան նոր մշակոյթ մը: Որովհետեւ ազգ մը, որ իր ներսը միասնական է, շատ աւելի տոկուն է արտաքին բոլոր ճնշումներուն դիմաց:

Վերջապէս, մենք պիտի շարունակենք բացայայտել Թուրքիոյ ժխտողական եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը: Պիտի դիմադրենք այն սուտին, որ կ՛ուզէ զոհը ներկայացնել որպէս մեղաւոր, իսկ յանցագործ պետութիւնը` որպէս անմեղ: Թուրքիոյ կառավարութեան եւ անոր պետական քարոզչամեքենային կ՛ըսենք` հայ ժողովուրդը չէ յանձնուած: Մենք չենք հրաժարած մեր իրաւունքներէն: Մենք չենք մոռցած Արարատը, Մուշը, Վանը, Կարսը, Սասունը, Տիգրանակերտը եւ մեր բռնագրաւուած հայրենիքի իւրաքանչիւր քարն ու եկեղեցին: Մենք չենք մոռցած մեր նահատակները: Մենք չենք մոռցած մեր տեղահանուած ժողովուրդը: Եւ որքան ալ փորձէք ժխտումը դարձնել պետական ճշմարտութիւն, պատմական ճշմարտութիւնը պիտի շարունակէ հալածել ձեզ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը սահման չունի, ճշմարտութիւնը ժամանակ չի ճանչնար, ճշմարտութիւնը չի մեռնիր:

Այսօր մենք կը խոստանանք, որ մեր սերունդներուն պիտի փոխանցենք ոչ թէ ցաւը, այլ` պայքարելու կամքը: Պիտի սորվեցնենք անոնց, որ հայ ըլլալը միայն ինքնութիւն չէ:

Հայ ըլլալը պարտաւորութիւն է: Պարտաւորութիւն` լեզուին հանդէպ: Պարտաւորութիւն` մշակոյթին հանդէպ: Պարտաւորութիւն` հայրենիքին հանդէպ: Պարտաւորութիւն` արդարութեան հանդէպ:

Սիրելի՛ Սարգիս, Սիմոն, Արա, Վաչէ եւ Սեդրակ,

Այսօր ձեր յիշատակին առջեւ կը կանգնինք խոնարհ, բայց ոչ կոտրուած: Ցաւով, բայց` ոչ յուսահատ: Վիրաւոր, բայց` ոչ պարտուած:

Թող ձեր յիշատակը մեզի համար ըլլայ ոչ միայն անցեալի խորհրդանիշ, այլեւ` ապագայի պատասխանատուութիւն: Թող ձեր անունները մեզ ցնցեն, երբ կը թուլանանք: Թող ձեր յիշատակը մեզ արթնցնէ, երբ կը շեղինք: Թող ձեր զոհողութեան խորհուրդը մեզ վերադարձնէ ազգային պայքարի կողմնացոյցին` հայրենիք, արդարութիւն, յիշողութիւն եւ միասնականութիւն:

Մենք այսօր ձեր հոգիներուն առջեւ կը խոստանանք`

Չենք մոռնար,
Չենք լռեր,
Չենք հրաժարիր:

Պիտի շարունակենք պայքարը մինչեւ այն օրը, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը ոչ միայն ամբողջութեամբ ճանչցուի, այլ նաեւ` արժանանայ արդարութեան:

Մինչեւ այն օրը, երբ հայ ժողովուրդը այլեւս պիտի չապրի միայն յիշողութեան բեռով, այլ պիտի տեսնէ իր արդար պահանջներուն իրականացումը:

Մինչեւ այն օրը, երբ բռնագրաւուած հայրենիքի անունները պիտի հնչեն ոչ միայն մեր երգերուն եւ աղօթքներուն մէջ, այլ նաեւ ազատ ժողովուրդի արժանապատիւ ապագայի տեսլականին մէջ:

Յաւերժ փա՛ռք ձեր յիշատակին:
Յաւերժ փա՛ռք հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:

* Խօսք` արտասանուած Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակին նուիրուած ձեռարկին:

Leave a Comment