Պըրրի. «Բանակը Լիբանանը` Միակ Ու Միացեալ Հայրենիքը Կը Պաշտպանէ, Եւ Ոչ Թէ Բռնագրաւողին Սահմանագծած Բնորդային Շրջանները»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան բանակի տօնին առիթով նշեց. «81 տարիներ, եւ լիբանանեան բանակը կը մնայ այն բնորդը, որ քննութեան կ՛ենթարկէ եւ քննութեան չ՛ենթարկուիր, որ կը փորձարկէ եւ չի փորձարկուիր միասնականութեան, ինքնութեան, պատկանելիութեան, զոհաբերութեան եւ հաւատարմութեան մէջ: Կը պաշտպանէ Լիբանանը` միակ ու միացեալ բնորդային հայրենիքը, որուն լիբանանցիները կը ձգտին, եւ ոչ թէ բնորդային շրջանները, որուն սահմանները կրակով, սպանութեամբ եւ քանդումով կը գծէ բռնագրաւող իսրայէլացին»:

«Բանակը Լիբանանին ու լիբանանցիներուն բանակն է, եւ ան անոնցմէ եւ անոնց համար է, գերիշխանութեան պաշտպանութեան, հողի ու մարդու ազատագրութեան եւ կայունութեան ու քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութեան մէջ անոնց յոյսերը կրողը», ըսաւ ան:

«Ձեզմով եւ ձեզի հետ կը պաշտպանենք ու կ՛իրագործենք Լիբանանի յարութիւնը եւ կը շարունակենք անոր հողերուն ազատագրումը», նշեց Պըրրի:

Leave a Comment