Պուլոս. «Իրան Կ՛ուզէ Որ Հըզպալլան Լիբանանի Մէջ Գործօն Մնայ, Եւ Մենք Ատիկա Պիտի Չարտօնենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու աւագ խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց. «Իրան կ՛ուզէ, որ Հըզպալլան Լիբանանի մէջ գործօն մնայ, եւ մենք ատիկա պիտի չարտօնենք»:

«Տեւական խաղաղութիւնը կը պահանջէ, որ գերիշխան պետութիւնները, եւ ոչ թէ ահաբեկիչ գործակատարները, իրենց հողերուն վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն ունենան», շեշտեց Պուլոս:

«Իսրայէլի եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն միջեւ պատմական բանակցութիւնները, որոնք իրագործուեցան շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, այդ նպատակի իրագործման պիտի նպաստեն», նշեց ան:

«Հիմնուելով 26 յունիսին ստորագրուած պատմական «եռակողմ շրջագիծ»-ին վրայ, անհամբեր կը սպասենք բանակցութիւններուն, մինչ կը ջանանք շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնել», յայտնեց Պուլոս:

 

 

Leave a Comment