Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը սկսած է վերատեսութեան ենթարկել Եւրոպայի մէջ ամերիկեան զօրքերու տեղակայման հարցը: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է պատերազմի փոխնախարար Էլպրիճ Քոլպին:
Անոր համաձայն, վերատեսութեան նպատակն է, ՕԹԱՆ-ի եւրոպական անդամները ցամաքամասի պաշտպանութեան համար աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելու մղելը, իսկ դաշինքը վերածուի աւելի արդիւնաւէտ զինուորական կառոյցի:
Քոլպին նշած է, որ փոփոխութիւնները պիտի համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան նոր ռազմավարութիւններուն եւ պիտի ներառեն շարք մը տարբերակներ` հիմնուած աշխարհաքաղաքական եւ զինուորական իրողութիւններու գնահատման վրայ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթը բազմիցս քննադատած են եւրոպացի դաշնակիցները` պնդելով, որ անոնք տարիներ շարունակ պաշտպանութեան բաւարար միջոցներ չեն յատկացուցած:
Անցեալ տարուան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին անդամ երկիրները համաձայնած էին մինչեւ 2035 թուականը պաշտպանութեան հիմնական ծախսերը հասցնել Համախառն ներքին արտադրութեան առնուազն 3,5 առ հարիւրին, եւս 1,5 առ հարիւր ալ յատկացնել պաշտպանութեան առնչուող այլ կարիքներու: Մինչ այդ, դաշինքի նպատակային ցուցանիշը Համախառն ներքին արտադրութեան 2 առ հարիւրն էր: