Թիւրք. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Կարգ Մը Քայլերը Կրնան Պատերազմական Ոճիրներ Նկատուիլ»

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Վոլքեր Թիւրք նշեց, որ ցնցուած է Լիբանանի մէջ իր տեսած աւերի եւ տառապանքի տարողութենէն` աւելցնելով, որ ցնցումի, ճնշուածութեան եւ յուսահատութեան զգացումները ակներեւ էին, եւ ինք նաեւ կը զգար արդարութեան խիստ պահանջ, որ արտայայտուած է անոնց կողմէ, որոնց հետ հանդիպում ունեցած է:

Լիբանան կատարած երկօրեայ այցելութեան աւարտին Թիւրք լրագրողներուն ըսաւ. «Գրասենեակս նկատած է միջազգային մարդասիրական օրէնքի լայնածաւալ խախտումներ, որոնցմէ մէկ քանին կրնան պատերազմական ոճիրներ նկատուիլ: Որոշակի հանգամանքներու մէջ այդ խախտումները կրնան նաեւ միջազգային օրէնքին համաձայն յանցագործութիւններ նկատուիլ»:

«Քանի որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու (ՖԻՆԻՒԼ) լիազօրութիւնը այս տարի կ՛աւարտի, ես մտահոգ եմ հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան վրայ հաւանական հետեւանքներով, եւ յոյսով եմ, որ այս հարցը հաշուի պիտի առնուի ապագայ որեւէ դասաւորման մշակման ընթացքին», աւելցուց ան:

Թիւրք նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան հողերէն լայն տարածքներ գրաւուած պահել` մտահոգութիւն յայտնելով, որ այն ընդհանուր վարմունքը, որ լայնածաւալ տեղահանութեան յանգեցաւ եւ տունդարձին արգելք հանդիսացաւ, կրնայ միջազգային յանցագործութեան մակարդակի նկատուիլ:

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը նշեց, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան կարգ մը քայլերը կրնան պատերազմական ոճիրներ նկատուիլ, եւ Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ հարաւային Լիբանանի մէջ շրջաններու բռնագրաւումին եւ տեղահանուածներուն իրենց տուներ ապահով վերադարձը արտօնէ:

Թիւրք շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքայիններու պաշտպանութիւնը պէտք է ապագայ որեւէ դասաւորման մէջ գլխաւոր նկատառում դառնայ:

 

Leave a Comment