Քանի մը ամիս լուռ մնալէ ետք, Լըպրոն Ճէյմս վերջապէս որոշեց իր ասպարէզը շարունակել եւ միացաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին:
Արդարեւ, լրջօրէն ասպարէզը աւարտելու մասին մտածելէ ետք, Լըպրոն որոշեց միանալ Ժոել Էմպիիտ եւ Թայրիս Մեքսի զոյգին` Ֆիլատելֆիոյ հետ:
«Կը կարծեմ, որ կրնամ օգնել 76-ըրզին, որ ախոյեանի թեկնածու խումբ մը դառնայ, իսկ համակիրներուն անգամ մը եւս այդ մթնոլորտը զգացնել», ըսաւ Լըպրոն, որ 4 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձած է: Լըպրոն իր 23-րդ «Էն. Պի. Էյ.»-ի տարեշրջանը անցուցած էր Լէյքըրզի հետ` անգամ մը եւս առանց տիտղոսի մնալով:
Ֆիլատելֆիա պիտի ըլլայ Լըպրոնի 4-րդ խումբը` Քլիվլենտէն, Մայեմիէն եւ Լէյքըրզէն ետք: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Լըպրոն 8 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն 2 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրած է Ֆիլատելֆիոյ հետ: Ան անցեալ տարեշրջանին 53 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն խաղցած էր Լէյքըրզի հետ:
22 անգամ «Օլ-Սթար» մրցումի մասնակցած, 4 անգամ «Էմ. Վի. Փի.» եղած, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն աւելի կէտեր նշանակած մարզիկը պիտի ըլլայ կարեւոր դէմք մը, որ կրնայ Ֆիլատելֆիան աւելի զօրաւոր խումբի բարեփոխել, եթէ անշուշտ բոլորն ալ առողջ ըլլան: