Մամտանի. «Նիւ Եորքի Իշխանութիւնները Նեթանիահուն Ձերբակալելու Իշխանութիւնը Չունին»

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զահրան Մամտանի յայտնեց, որ իր գրասենեակը Միջազգային քրէական դատարանի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ արձակած վճիռը գործադրելու իշխանութիւնը չունի, եւ դաշնակցային պաշտօնատարներու կոչ ուղղեց միջամտելու:

Մամտանի կարճ տեսագրութեան մը ճամբով յայտնեց. «Վարչակազմս գործող օրէնքին հիմամբ արտօնուած բոլոր կարելիութիւնները ստուգեց, եթէ Նիւ Եորք քաղաքը կրնայ Միջազգային քրէական դատարանին հրապարակած ձերբակալման գիրը գործադրել, եթէ Պենիամին Նեթանիահուն այստեղ գայ»:

«Յստակ է, թէ ձերբակալման այդ հրամանագիրը գործադրելու իրաւական անկախ իրաւասութիւնը չունինք: Սակայն դաշնակցային կառավարութիւնը այդ իրաւասութիւնը ունի, եւ անոր կոչ կ՛ուղղեմ` Միջազգային քրէական դատարանին միանալու եւ այս վճիռը գործադրելու», նշեց Նիւ Եորքի քաղաքապետը:

«Ես Միջազգային քրէական դատարանին հետ համաձայն եմ, որ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է ձերբակալուի եւ դատուի իր ոճիրներուն համար, ինչպէս է պարագան դատարանին կողմէ ամբաստանուած ոեւէ անձի», աւելցուց Մամտանի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկուշաբթի օր խոստացաւ, որ Իսրայէլի վարչապետը պիտի չձերբակալուի, եթէ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին գայ:

Leave a Comment