Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը Պաքինկհամ պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական կուսակցութեան նոր ղեկավար Էնտի Պըռնհամը, զինք նշանակեց Բրիտանիոյ վարչապետ եւ անոր պարտականութիւն տուաւ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կազմել:
Էնտի Պըռնհամ ստանձնեց Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնը` խոստանալով սկսիլ «10-ամեայ ծրագիր», որ պիտի լուծէ Բրիտանիոյ յառաջընթացը խոչընդոտող հիմնարար խնդիրները:
«Ատիկա չի նշանակեր, որ ես կը պատրաստուիմ 10 տարի այստեղ ըլլալ: Խօսքը կառուցուածքային փոփոխութիւններու մասին է», յայտարարեց ան Տաունինք Սթրիթի մէջ իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ` խոստանալով բրիտանացիներու կարիքները դնել կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը:
Արձանագրելով, որ ինք վերջին տասը տարուան մէջ արդէն Բրիտանիոյ եօթներորդ վարչապետն է, Պըռնհամ յայտարարեց. «Մենք պէտք է ընդունինք, որ բաւականաչափ արդիւնաւէտ չենք եղած»:
Ան նշեց, որ օտարերկրեայ առաջին ղեկավարները, որոնց հետ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն պիտի ունենայ, պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ նախագահները:
Ան ամբողջութեամբ շրջանցեց Ուքրանիոյ աջակցութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերը, սակայն խոստացաւ շարունակել նախորդ կառավարութեան դէպի ռազմականացում ընթացքը:
Բրիտանիոյ նոր վարչապետը, սակայն, «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ես Ուքրանիոյ պիտի աջակցիմ հարիւր տոկոսով, ճիշդ ինչպէս Քիր Սթարմըրը կ՛ընէր»: