Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան երկկողմանի յարաբերութիւններու գործակատար Մոհամետ Հիւսէյն Պահր Ուլում նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Իրաքի մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Սատեքը:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու կողմերը քննարկած են Իրաքի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի այս շաբթուան վերջաւորութեան մայրաքաղաք Թեհրան այցելութեան ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ այցելութեան համար պատրաստութիւնները, ներառեալ համագործակցութեան ոլորտներու մէջ փոխըմբռնման շարք մը յուշագիրները, «ինչ որ կ՛ամրապնդէ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներու հասարակաց շահերուն կը ծառայէ»:
Նշենք, որ Զուպէյտի 13 յուլիսէն 17 յուլիս հնգօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր ամերիկեան ընկերութիւններու հետ ստորագրեց 48 համաձայնութիւններ, փոխըմբռնման յուշագիրներ, որոնց մէկ քանին` քարիւղի ոլորտին մէջ: