Թեհրան. «Միջնորդները Կը Շարունակեն Մագլցումը Արգիլելու Իրենց Ջանքերը, Եւ Անոնցմէ Առաջարկներ Ստացանք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանին այս գիշեր շատ ուժեղ հարուած հասցուցինք»:

«Իրան չափազանց մեծ վնասներ կրեց, եւ անկարող է հիւլէական զէնք ձեռք բերել», ըսաւ ան:

«Իրանը թերեւս կարգ մը հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր ունի, սակայն անոնք շատ չեն», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Այս գիշեր դարձեալ Իրանը կը հարուածենք` առ ի յիշատակ ամերիկացի զինուորներուն», յայտնեց Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց. «Այլեւս իրանցիներու որոշ կարողութիւններ ձեռք ձգել արգիլելով չենք բաւարարուիր, այլ հիմա այդ հարցին ամբողջովին վերջ կու տանք»:

«Հորմուզի նեղուցին կը տիրենք, եւ Իրան ոչինչի կը տիրէ: Իրանին հարուածներ կը հասցնենք, եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի», աւելցուց ան:

Նախքան այդ, ամերիկեան կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց. «9-րդ գիշերն ըլլալով Իրանի վրայ յարձակումներու նոր ալիքի սկսանք»:

«Հարուածները պիտի շարունակուին ջլատելու համար Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերուն վրայ յարձակում գործելու համար օգտագործուած Իրանի կարողութիւնները», նշեց հրամանատարութիւնը:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի հարաւարեւելեան Հորմուզղան նահանգի Սիրիք քաղաքին մէջ շարք մը պայթումներ տեղի ունեցած են:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին նշեց, որ Իրանի հարաւը գտնուող Պուշահր նահանգի Խորմոժ քաղաքին մօտ երկու պայթումներ արձանագրուած են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պատերազմի կամ բանակցութեան երկընտրանքին վրայ պնդումը մեր երկրին համար օգտակար չէ»:

«Փոխըմբռնման յուշագիրի բնագիրը յստակ է, եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այդ յուշագիրը խախտելու որեւէ արդարացում գոյութիւն չունի», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց. «Միջնորդները կը շարունակեն մագլցումը արգիլելու իրենց ջանքերը: Անոնցմէ առաջարկներ ստացանք, եւ հիմա մանրամասնութիւններուն պիտի չանդրադառնանք»:

Ան դատապարտեց «Իրանի մէջ բժշկական կեդրոններու եւ քաղաքային ենթակառոյցներուն եւ կամուրջներուն վրայ յարձակումները»:

Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միջնորդները առաջարկեցին հարուածները 10 օրով դադրեցնել` համաձայնութեան վերակենդանացման կարելիութիւն ստեղծելու համար»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ նշեց. «Ամերիկացիները կը շարունակեն շրջան նոր զինուորական սարքեր բերել եւ կը պնդեն, թէ կ՛ուզեն պատերազմը դադրեցնել: Մեր խելքը իրենց կարճ խելքին չափ կարծեցին»:

«Հասած ենք ամերիկեան այս խորամանկութիւնները բացայայտելու վարպետութեան փուլին եւ համապատասխան կերպով պատրաստուած ենք: Քայլերը պէտք է ապացուցեն պնդումներու վաւերականութիւնը, եւ ոչ թէ զանոնք հերքեն», շեշտեց Ղալիպաֆ:

 

Leave a Comment