Զ. Գ. Ղ.
Այնճարի Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ, 14-րդ տարին ըլլալով, մշակութային ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան:
5 յուլիս 2026 երեկոյեան մշակութասէր անձերու ներկայութեան տեղի ունեցաւ այս տարուան առաջին ձեռնարկը` նուիրուած տաղանդաւոր երաժիշտներ Կարա Մուրզայի եւ Մակար Եկմալեանի:
Օրուան դասախօսն էր բազմավաստակ երաժիշտ Զաքար Քէշիշեանը, որուն 8-րդ ելոյթն էր այս բակին մէջ :
Զաքար Քէշիշեան դասախօսութիւնը սկսաւ ներկայացնելով նախ Կարա Մուրզան, ապա` Մակար Եկմալեանը: Ան ըսաւ, որ Կարա Մուրզան հայկական բազմաձայն երաժշտութեան առաջին հիմնադիրը եղաւ ու ձեռնարկեց մեր ցիրուցան երգերու հաւաքման ու ներդաշնակման գործին:
Կարա Մուրզա` բնիկ ղրիմցի, ծնած է 1854-ին, Կարասու Բաղար քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մխիթարեաններու վարժարանը, փոքր տարիքէն բնական յարմարութիւն եւ սէր ցոյց տուած է դէպի երաժշտութիւն, կը հետեւի յատուկ դասերու` հմուտ երաժիշտ ուսուցիչներու մօտ:
Կարա Մուրզա իր ժամանակին մեծ զոհողութեամբ եւ կատարեալ նուիրումով անխոնջ աշխատող մը կ՛ըլլայ` հայ երգը տարածելու հայութեան մէջ:
Երբ դեռ քառաձայն երգեցողութիւն ընդունուած չէր հայերու կողմէ, ինքը նախաձեռնողը կը հանդիսանայ այդ ուղղութեան:
Երաժշտական հասարակական կեանքի մէջ հերոս մը եղաւ ան, մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը պայքարեցաւ խոչընդոտներու դէմ` ճանապարհ հարթելով հետագայ երաժշտագէտներու աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ աշխատելու համար:
Կարա Մուրզա իր առաջին համերգները կու տայ Պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ, 1885-ին, ապա` ամբողջ Կովկասի: Կը մտնէ ամէն գիւղ եւ երգեր հաւաքելով` կը ներդաշնակէ ու բեմ կը հանէ:
1886-ի օգոստոսին առաջին անգամ ըլլալով իր խումբով Պաքուի եկեղեցւոյ մէջ քառաձայն կ՛երգէ ս. պատարագի արարողութիւնը: Նոյն տարուան վերջերը կ՛անցնի Պոլիս եւ կ՛ուսումնասիրէ արեւմտահայ եկեղեցական երգեցողութիւնը:
1893-ին կը հրաւիրուի Էջմիածին Խրիմեան Հայրիկի օրով, բայց իրեն դէմ միջնադարեան հալածանքը շատ շուտ կը սկսի, եւ ան կ՛արձակուի դպրոցէն :
Նիւթական հոգերը, սնունդի պակասը կը քայքայեն անոր առողջութիւնը, եւ ան կը մահանայ 27 մարտ 1902-ին, կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք:
Երկրորդ բաժինով Զաքար Քէշիշեան ներկայացուց Մակար Եկմալեանի կենսագրութիւնը:
Մակար Եկմալեան բազմաձայն երաժշտութեան հիմնադիրն է, ծնած է 1857, ին, բնիկ վաղարշապատցի, Մասիսի եւ Էջմիածինի հարազատ զաւակը, որդեգիր` հոգելոյս Գէորգ Դ. կաթողիկոսի:
Եկմալեան Էջմիածինի մէջ կ՛աշակերտէ երաժշտապետ եւ քաջ ձայնագրագէտ Նիկողայոս Թաշճեանի եւ կարճ ժամանակուան մը մէջ ձեռք կը բերէ մեծ հմտութիւն: Այդ օրերուն հոգեւոր երաժշտութեան բարենորոգման գործը թէեւ մեկնարկած էր Քրիստափոր Կարա Մուրզայի կողմէ, սակայն կատարելագործման եւ հիմնաւորման պատիւը վերապահուած էր Մակար Եկմալեանին:
Ան իր արտակարգ ընդունակութիւններով արժանացաւ Գէորգ Դ. կաթողիկոսին բարձր ուշադրութեան եւ ուղարկուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի երաժշտանոց` երաժշտական արուեստի մէջ հմտանալու համար:
Աւելի քան 10 տարի մնալով Ս. Փեթերսպուրկի եւ բազմակողմանի կերպով ուսումնասիրելով երաժշտական արուեստը իր բոլոր ճիւղերով, համաշխարհային երաժշտապետներ Ռոսպէնշտէյնի, Չայքովսքիի ուսուցչութեան օրով, հիացման առարկայ կը դառնայ երաժշտապետներու շրջանակին մէջ` իր անվիճելի տաղանդով եւ մասնաւորապէս իր երաժշտական հազուագիւտ նուրբ լսողութեամբ:
1887 թուականին ան կ՛աւարտէ երաժշտանոցը եւ իբրեւ յաջողագոյն շրջանաւարտ` կը վերադառնայ հայրենիք` իր մայրենի եկեղեցւոյ ծառայելու: Կարճ ժամանակ մը, սակայն, ան կը վարէ Թիֆլիսի կայսերական երաժշտանոցի վերատեսուչի պաշտօնը:
Ան շուտով կը ձեռնարկէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ներդաշնակած պատարագի արարողութեանց վերամշակման գործին: Ան հայ ազգին կը նուիրէ մեր ամբողջ պատարագը իր մանրամասնութիւններով` հատ մը եռաձայն արական խումբի համար, նոյնը քառաձայն, իսկ մէկ հատ ալ` քառաձայն երկսեռ խումբերու համար:
Բացի պատարագէն, Եկմալեան կը դաշնաւորէ ուրիշ շատ մը շարականներ եւ ազգային աշխարհիկ երգեր:
Եկմալեան մեր հոգեւոր երաժշտութեան պարծանքն ու հայ մեծանուն տաղանդներու փաղանգի բեղմնաւոր մէկ անդամն է: Իր կեանքին վերջին 3 տարիներուն ծանր հիւանդութեամբ մը բռնուած` կը մահանայ 1905 մարտ 5-ին, Թիֆլիսի մէջ :
Զաքար Քէշիշեան աւարտին պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: