Վատեֆուլ Կ՛առաջարկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Փոխարինման Համար Եւրոպական Ուժ Մը Լիազօրել

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ առաջարկեց` ապահովական բացի ստեղծումը կանխարգիլելու համար, լիազօրել Եւրոպական Միութենէն ուժ մը, որպէսզի Լիբանանի մէջ փոխարինէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը, որուն լիազօրութիւնը կ՛աւարտի մօտ օրէն: Ան այս մասին յայտնեց «ՌետաքցիոնզՆեթվերք Տէօչլանտ»-ին:

«Եւրոպական Միութեան մէջ պէտք է քննարկենք, եթէ կրնան ապահովել, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք եւրոպական լիազօրութեան մը ճամբով ապահովական բաց մը չի ստեղծուիր», յայտնեց Վատեֆուլ:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ կայուն կառավարութեան մը գոյութիւնը «ներկայիս շրջանին մէջ ամէնէն աւետաբեր զարգացումներէն մէկն է»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ լիազօրուած ուժ մը կրնայ «առանց Հըզպալլայի վերադարձի իսրայէլեան բանակի հեռացման պայմաններ ստեղծել»:

ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը կ՛աւարտի 31 դեկտեմբեր 2026-ին, իսկ Գերմանիոյ անոր առաքելութեան մասնակցութիւնը վերջին անգամ ըլլալով երկարաձգուեցաւ հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ:

 

 

Leave a Comment