ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Այսօր կը խօսիմ մարդու մը մասին, որ երբեք չէր ձգտեր լրատուական առաջին էջերու հերոսը ըլլալու:
Ան կը պատկանէր այն խոնարհ հերոսներու տեսակին, որոնք կեանքը կը դիտարկեն գեղեցկութեան ոսպնեակէն, եւ որոնց համար գեղեցիկը ո՛չ թէ պարզապէս երեւոյթ էր, այլ` կեանքի բարձրագոյն փիլիսոփայութիւն ու գերագոյն արժէք: Ան կը պատկանէր այն տեսակին, որ իրենց կեանքը կը նուիրեն լոկ գեղեցկութեան ու մարդկայնութեան` առանց աղմուկի, առանց ծափահարութիւններու:
Կարոն հանգիստ տղայ էր. ստեղծագործողի մնայուն անհաշտ հոգի ունէր:
Կարոն խոհեմ ու ներքին լոյսով լեցուն մարդ էր:
Կարոն իմ ընկերս էր:
Մեր դպրոցական տարիներու ընկերս` Կարոն, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական քոլեճի այն գանգրահեր տղան էր, որուն հոգին արուեստագէտի նուրբ թելերով հիւսուած էր: Յառաջադէմ մտքերով, աշխարհին բաց հայ մարդ: Այսօր, երբ կը մտածեմ անոր մասին, կը յիշեմ ոչ միայն Կարոն, այլեւ` այն օճախը, որ մեզ կերտեց, բայց որն այլեւս չկայ. Խանամիրեան քոլեճի շէնքը ֆիզիքապէս քանդուած է, հողին հաւասարուած, իսկ մեր յուշերը մնացած են անտուն, օդի մէջ` իբրեւ ապրուած ժամանակի միակ վկայութիւն:
Կարոն օժտուած էր բնատուր սուր հիւմըրով, որ յաճախ «սեւ» էր, ոչ բոլորին հասկնալի. ոմանք կը վիրաւորուէին` չըմբռնելով, որ այդ սուր խօսքերուն խորքը իրականութեան մէջ մեծ սէր ու մտերմութիւն կար: Ան հոգատար էր բոլորին հանդէպ, առատաձեռն եւ բարերարի այն տեսակով, որ կը գործէ լուռ ու անձայն, առանց ցուցադրականութեան:
Արդէն դպրոցի օրերէն գիտէի, որ Կարոն բառերուն հետ յատուկ լեզու ունէր: Կը յիշեմ իր առաջին գրական փորձերը. ան կը կարողանար իր տողերով վախին ձեւ ու հագուստ տալ, որովհետեւ անոր համար այդ վախը յաղթահարելու միակ բանալին էր: Հետագային այդ նոյն ստեղծագործական շունչը ան փոխանցեց իր նկարչութեան ու նորաձեւութեան` ֆեշընի աշխարհին:
Իր տան պատերը Կարոյի իսկական հոգեվիճակն էին. անոնց վրայ կը ծաւալէին իր հսկայական գործերը` հայկական շունչով ու խորհրդանշաններով լեցուն, համադրուած համարձակ վերացական (abstract) փորձերով: Այդ նկարները ոչ թէ պարզապէս զարդ էին, այլ իր ներաշխարհի արտացոլանքը` լի գոյներով ու տագնապներով:
Մենք աւարտեցինք քոլեճը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն տաք օրերուն: Մինչ մեր երիտասարդական երազները կը ցրուէին աշխարհով մէկ, Կարոն հաւատարիմ մնաց Լիբանանին: Իտալական նորաձեւութեան դպրոցներուն մէջ կրթութիւն ստանալէ ետք, ան վերադարձաւ իր ծննդավայր Պէյրութ` իր լուման ներդնելու այն քաղաքին մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ ռումբերը կը տեղային մարդոց վրայ եւ անոնց շուրջ: Բոլորին ծանօթ էր Աճեմեաններու «Ducale»-ը` նորաձեւութեան այն բոյնը, որուն մէջ Կարոն կը ստեղծագործէր` սուս ու փուս իր կեանքը նուիրելով գեղեցկութեան:
Դպրոցական տարիներէն ամէնէն վառ յուշերս կապուած են հայ գրականութեան ժամերուն, երբ պարոն Էլոյեանի ղեկավարութեամբ մեր դասարանը ասպարէզ կը դառնար: Ես աւանդաբար առաջին նստարանին էի, իսկ Կարոն` ճիշդ իմ ետեւս: Ամէն դասի ան սովորութիւն ունէր ընտրելու աշակերտ մը եւ ամբողջ ժամ մը զայն պահել ոտքի ու մղել խօսելու, խօսելու գրականութեան մասին, մեծերու մասին: Օր մըն ալ, երբ կարգը հասաւ ինծի` քննարկելու Նար Դոսի հոգեբանական ռեալիզմը, 16 տարեկան աղջիկս յանկարծ ուշաթափ եղայ ու գետին ինկայ:
Աւելի ուշ Կարոն այդ դէպքը հիւմըրով կը յիշէր. «Աղջի՛կ, դուն ինկար, ու յանկարծ զգացի, որ վարագոյրը բացուեցաւ, պահուըտելու տեղ չկար, Էլոյեանը ուղիղ ինծի կը նայէր»:
Կարոն տարիներու ընթացքին մնաց իմ հարազատ ընկերս: Այսօր անոր անժամանակ մահը ինծի կը յիշեցնէ մարդ արարածի փոքրութիւնը բնութեան օրէնքներուն դիմաց: Կ՛ուզէի զինք գրկել վերջին անգամ, սակայն կեանքը երբեմն դաժան է: Մխիթարականն այն է, որ Կարոն ապրեցաւ վեհ, ապրեցաւ անշշուկ, առանց աճպարարութեան, մինչեւ վերջին շունչը պահելով իր մարդկայնութիւնը:
Գանգուր մազերուն`
Պէյրութի փոշին, արուեստ,
Հիմա` լուռ աստղեր:
Կտաւներուդ մէջ` ապրող գոյներ,
Քաղաքիդ ցաւին` լուռ յենարան.
Գեղեցկութեան հայելի անբիծ,
Կը մնաս հոգւոյս մէջ պայծառ ու անմահ: