Բանալիները` Տունդարձի Երաշխիք – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Տարիներ անցած էին Ամերիկա փոխադրուելէս, երբ օր մը, Քալիֆորնիոյ հազուադէպ ցուրտ օրերէն մէկուն ընթացքին, Հալէպէն եկած անգործածելի վերարկուս կարօտով հագուեցայ: Տաքուկ զգացողութիւն մը եկաւ վրաս, բայց նաեւ ծանրութիւն մը զգացի: Գրպաններս ստուգեցի, եւ թեւին վրայ գտնուող գրպանէն բանալիներու տրցակ մը ելաւ: Պահ մը սառած հայեացքով նայեցայ անոնց: Հալէպի բանալիներս էին, հետս գաղթած ու եկած էին նոր աշխարհ: Հիմա կը դիտեմ զանոնք` պարզ մետաղներու տրցակ մը. ափիս մէջ սեղմած` տարիներով ապրած փորձառութիւններս ու յիշատակներս են: Ամէն մէկ բանալի ունի իր պատմութիւնը, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ տեղին ու ժամանակին մասին կը խօսի, եւ այդ պատմութեան թելերը հիւսուելով կը ներկայացնեն ամբողջ կեանք մը` կեանքիս պատմութիւնը, եւ կը սողոսկին զգացական համակարգէս ներս, կը հասնին մինչեւ աչքերս, մինչ յիշողութիւնս զիս իր թեւերուն վրայ առած` կը տանի հոն, ուր մարդիկ օրուան հացին հասնելու հեւքին մէջ էին, իսկ մենք` երեխաներս, այդ հացը ունենալու բախտաւորութեամբ` երջանիկ: Հոն էր, որ ես ճանչցայ բանալիներու պատմութիւնը…

Պատահե՞ր է ձեզի, որ տեսնէք դուռի ոսկեգոյն կամ սեւ մետաղէ մեծ բանալի. մեր մանկութեան տուներու դուռի բանալիներն էին անոնք, անոնք ոսկեգոյն կամ սեւ էին, 15-20 սմ երկայնքով, հազիւ թէ գրպանի մէջ տեղաւորուէին:

Մեր տունը Նոր Գիւղի չորրորդ մանթըխան (շրջան) էր, ունէր երկու փեղկով դուռ մը, դրան մէկ կողմը կար ուռնակը, իսկ միւս կողմը կար բանալիի կղպանք, որ կը բացուէր այդ մեծ երկաթեայ բանալիով: Մեր դռները մինչեւ իրիկուն բաց կը մնային եւ միայն գիշերները, կամ թաղէն դուրս ելլելու պարագային, կը գոցուէին: Մենք երեխաներս բանալի չունէինք, արդէն առանձին տեղ չէինք երթար, բանալի մամաս ունէր իր սեւ պայուսակին մէջ, պապաս` իր տաբատին ետեւի գրպանը, որուն կոճակի լեզուակը անցուցած կ՛ըլլար բանալիին բացուածքէն եւ կոճկած` տաբատին: Մէկ ալ մեր քովի սափրիչը ունէր, որ կախած էր խանութին մէկ անկիւնը, որպէսզի մեր բացակայութեան իր բաղնիքի պէտքին համար դուռը բանար եւ մտնէր: Ես իմ առաջին տանս բանալին չունեցայ, նոյնիսկ` երկրորդականի աշակերտ եղած միջոցիս. երբ որ տուն գայի, մայրս զիս կը սպասէր:

Նոր Գիւղի հայաթափումով մենք ալ փոխադրուեցանք նոր հայաբնակ շրջան մը: Այս տունը առանձնատուն չէր, այլ` շէնքի մը վերջին յարկը, որուն հասնելու համար մօտ հարիւր աստիճան պէտք էր մագլցէինք: Շէնքի բնակիչները բացառաբար հայեր էին, բայց դռները բաց չէին, այլ` միշտ փակ: Կը բացուէին, միայն երբ զանգը զարնուէր: Ուրեմն իմ երկրորդ տան համար պէտք ունէի բանալիի, ուստի առաջին ծանօթութիւնս բանալիի հետ եղաւ մեր յարկաբաժնի բանալին: Այս բանալին նախկին մեր բակով տուներու բանալիներէն կը տարբերէր իր չափով, գոյնով եւ ձեւով: Նախորդը մեծ էր, ասի` փոքր, եւ կը յարմարուէր գրպանի կամ պայուսակի: Այդ ժամանակ նորոյթ էր բանալիի կախիչը, որ կը կոչուէր` փորթըքլէ, porte cle, ֆրանսերէնէն ժառանգուած: Փորթըքլէի գործածութիւնը անհրաժեշտութիւն ըլլալէ անդին էր, այդ ատեն նոյնիսկ մարդիկ իրարու նուէր կու տային: Բանալիներու թիւը շատնալով` հետզհետէ փորթըքլէին պարտականութիւնն ալ կ՛աւելնար:

Առաջին բանալիիս եկաւ միացաւ նամակատուփի նուրբ ու անուշիկ բանալին. երկուքն ալ ոսկեգոյն էին, երկու քոյրերու նման, մէկը մեծ, միւսը` փոքր, երկուքն ալ` սիրելի, մէկը զիս կը հանգստացնէր տուն առաջնորդելով, միւսը կ՛ուրախացնէր սպասուած նամակներ բացայայտելով: Այսպէս, բանալին կ՛ընկերակցէր ինծի ամէն տեղ եւ ապահովութիւն կը ներշնչէր: Տարիներու հոսքին հետ բանալիներուն թիւը աւելցաւ. յաճախակի մօրաքրոջս հանդիպելուս համար անոր տան եւ նամակատուփի բանալիներն ալ միացան իմիններուս, եւ երբ սկսայ Հայկազեան վարժարանէն ներս պաշտօնավարելու, առաջին օրը տնօրէնուհի օրիորդ Ֆիմին ուսուցչարանի պատին հանգչած երկար փայտէ պահարաններու մէջէն հատ մը ցոյց տալով` ըսաւ.

– Այս քու պահարանդ է, ապրանքներդ հոն կրնաս դնել, այս ալ բանալին է:

Որքան ուրախ էի. այդ ալ միացուցի իմ բանալիներու տրցակիս:

Ամուսնացայ, տունս փոխուեցաւ, հետն ալ բանալիներս փոխուեցան, նոր տան նոր բանալիներ, մէկ հատ չէր, քանի մը հատ, քանի մը կղպանք…

Տարիները իրենց հետ կը բերէին փոփոխութիւններ նոյնիսկ բանալիի, որուն հետեւողական զարգացումէն կարելի էր ենթադրել մարդկային կեանքի` ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական զարգացման հոլովոյթը:

Երբ Նոր Գիւղ կ՛ապրէինք, տան դռները բաց, ամէն մարդ, որեւէ ատեն կրնար միւսին տունը մտնել: Երբ փոխադրուեցանք հայ բնակիչներով շէնք մը, մեր դռները բաց չէին, բայց մէկ բանալիով կը բացուէին եւ երբ հիւրերը զանգը զարնէին, սիրով կ՛ընդունուէին: Հետագային, երբ ապրեցանք ոչ զուտ հայկական թաղամասի մը մէջ, բնակիչները այլազան էին, տարբեր ազգութիւններէ եւ կրօնէ: Հոս մեր դռները ունէին երկու տեսակ կղպանք, մէկը` սովորական դուռը բանալու, իսկ միւսը` 6 կղպանքով, առաւել` ներսէն շղթայով փականք մը…

Այսպէս, շուտով բանալիներու վրայ աւելցան` ինքնաշարժի բանալիները, ամարանոց տան բանալիներ, գործատեղիի, գրասենեակի, եւ բանալիներու բազմացումը ենթադրել տուաւ պարտաւորութիւններու բազմացում, որուն պատճառով փորթըքլէները փոխուեցան, բայց բանալիները մնացին, միշտ տուն եւ գործատեղի յուշող, տան եւ կեանքի ապահովութիւնը զգացնող կենդանի գոյութիւն պայուսակիս մէջ կամ գրպանս:

– Թըք:

Կաթիլ մը արցունք եկաւ ու ինկաւ ձեռքս հանգչող բանալիներուս վրայ… Սթափեցայ, բայց նայուածքս սառած մնաց այդ կաթիլին վրայ, որ իր մէջ կը խտացնէր հաւաքական յիշողութիւնը մեր ժողովուրդին…

Մանկութեանս ես ճանչցայ բանալիներու պատմութիւնը… Այո՛, յիշեցի մեր շուրջի կարգ մը տարեց մեծ հայրիկները, որոնք միշտ իրենց հետ խոշոր բանալիներ ունէին, եւ կարծես երկաթեայ այդ բանալիի ծանրութեան տակ կքած, ձեռքերը դէպի ետեւ մէջքին յենած` դանդաղ քայլերով կ՛անցնէին մեր թաղէն, կամ դիմացի խանութպանին դրան առջեւ պզտիկ աթոռակներու վրայ կը նստէին եւ պատմութիւններ կը պատմէին իրարու: Ես` հետաքրքիր երեխայ, անոնց կողքին կը կենայի, բայց բան չէի հասկնար խօսակցութենէն: Օր մըն ալ հետաքրքրութիւնս զիս մղեց, որ մեծ հօրս հարցնեմ.

– Մեծ հայրիկ, ո՞ւր է քու բանալիդ:

– Ի՞նչ բանալի, ինչո՞ւ համար,- ըսաւ եւ ցոյց տուաւ իրենց տան բանալին, որ մերինին կը նմանէր:

– Մերինէն է,- ըսի եւ շարունակեցի,- Սիլվային եւ Շաքէին մեծ հայրիկները ուրիշ բանալի ալ ունին, որ շատ աւելի խոշոր է:

Տխուր եւ զարմացած ինծի նայեցաւ, գլուխը շարժեց եւ չպատասխանեց:

Թէեւ անպատասխան մնալուս համար յուսախաբ էի, բայց` ոչ յուսահատ: Քանի մը օր ետք մեծ մօրս քով նստայ եւ նոյն հարցումները ուղղեցի.

– Ի՞նչ պիտի ընես, աղջի՛կս, քեզի ի՞նչ այդ մարդոց բանալիները…

– Կ՛ուզեմ գիտնալ, անոնց մեծ հայրիկները ինչո՞ւ բանալի ունին. ո՞ւր է ձերը:

– Խոստացիր ինծի, ինչ ըսեմ` պիտի գոհանաս: Ուրեմն այս մարդիկը, որոնց հետ բանալի կը տեսնես, հայրենիքէն գաղթած ատեն, երբ տուն տեղ ձգած` ճամբայ ելած են, այդ բանալին իրենց հետ բերած են, իրենց հին տան բանալին է, այդ բանալին տունդարձի յիշողութիւնն է, խթանն է:

Ճիշդը ըսելու համար շատ բան չհասկցայ այդ ժամանակ, բայց քանի որ խոստացեր էի հարցում չուղղել, լռեցի, բայց բնաւ չմոռցայ…

Ահաւասիկ այսօր կը հասկնայի, երբ տրցակ մը բանալիներ, ափս ցաւցնելու չափ սեղմած, յիշողութիւնս կ՛արթնցնէին եւ զիս տուն կը տանէին…

Հասկցայ, թէ այդ մարդիկ ինչո՛ւ բանալիները կը պահէին իրենց հետ, հասկցայ, թէ անոնք,  անտեսելով կորուստի ցաւը, իրենց հետ կը պտտցնէին բանալիները որպէս զէնք` դիմադրելու մոռացութեան, որպէս յոյս` վերընձիւղելու եւ որպէս արթուն պահակ յիշողութեան եւ ճանապարհ` պահանջատիրութեան:

Այս բոլորը զիս մղեցին բանալիներու մասին փնտռտուքի: Ըստ կարգ մը կայքերու, բանալիներու գործածութիւնը սկսած է Միջագետքի մէջ ՔԱ 4000 թուականին, իսկ ՔԱ 2000 թուականին Եգիպտոսի մէջ տեսնուած է բանալիներու գործածութիւնը: Նախ եղած են փայտեայ, ապա մետաղէ, ապա` տարածուած աշխարհի չորս կողմերը, եւ զարգացած` անոր գործածութիւնը: Այդ շրջանին բանալիները ֆիզիքական իմաստ եւ գործածութիւն ունէին. գոց դուռ մը, կամ փակ տեղ մը բանալու, կամ բացայայտելու կը ծառայէին, սակայն տարիներու ընթացքին բանալի հասկացողութիւնը շատ մը հոլովոյթներէ անցած է եւ պարզ բանալիք գործիք մը ըլլալու կողքին, վերածուած է խորհրդանիշի: Այսօր բանալին ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ` մուտք, գիտելիք եւ իշխանութիւն, կամուրջ` ծանօթ եւ անծանօթ աշխարհներու միջեւ, գաղտնիքներու հասանելիութիւնը, նոր հնարաւորութիւններու բացայայտում, միաժամանակ ներկայացնելով ապահովութիւն, պաշտպանութիւն եւ գաղտնիքներու պահպանում:

Հայկական մշակոյթին մէջ բանալին, կիսելով հանդերձ համընդհանուր իմաստները, ունի հզօր խորհրդանիշներ` հաւաքական յիշողութիւն, ժառանգութիւն, սեփականութեան իրաւունք, որուն փաստացի օրինակին կը հանդիպինք մեր պատմութեան մէջ, երբ 1903-ին Ռուսիոյ ցար Նիքոլայ Բ.ի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կալուածներու բռնագրաւման որոշումին դէմ ծառացած ժողովուրդի կանչը` օրուան Ամենայն Հայոց հայրապետին` Խրիմեան Հայրիկին ուղղուած` «Հայրի՛կ, բանալիները չյանձնես»-ը եղաւ այն կենսական եզրոյթը, որ ժողովուրդը բռնցքելով դէմ դրաւ ժամանակակից մեծագոյն ուժերէն մէկուն` Ռուսիոյ, եւ փրկեց եկեղեցական կալուածներն ու ազգային արժանապատուութիւնը` որպէս պաշտպանութիւն ազգային սեփականութեան եւ սեփականութեան իրաւունքի:

Բանալին հայ մշակոյթի մէջ նաեւ եղաւ խորհրդանիշը դէպի սեփական արմատներ վերադարձին: Յուզումով կարդացած եմ բանալիներու հետ կապուած Հայոց պատմութեան ծանրակշիռ դէպքերէն մէկը, որ տեղի ունեցած է 1604-1605 թուականներուն, երբ շահ Աբբասի հրամանով տասնեակ հազարաւոր հայեր բռնի կը տեղահանուէին Հայաստանէն դէպի Պարսկաստան: Ժողովուրդին համար ահաւոր այդ պահուն, երբ կորսնցուցած էին տուն-տեղ եւ ունեցուածք, անոնք կը միաւորուին գիւղի քահանային շուրջ` իրենց ձեռքերուն մէջ սեղմած այրած տան բանալիները, աղօթքով կը հաւաքեն բոլոր բանալիները կը կապեն իրարու եւ որպէս երաշխիքը իրենց վերադարձի` զայն կը նետեն Արաքս գետի ընդերքը: Այո՛, անոնք նետեցին հաւաքուած բանալիները, որպէս տունդարձի յիշողութիւն, իրաւունքի, պահանջատիրութեան գիտակցութիւն: Դարեր ետք պիտի կրկնուէր տեսարանը այն պատմական արհաւիրքին, որ ցարդ կը կրէ խոր զգացում` կապուած հայկական փորձառութեան: Սփիւռքի բազմաթիւ հայերու համար հին երկաթեայ բանալին կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած տուները, 1915-ի Ցեղասպանութիւնը` անարդարութիւն եւ պահանջատիրութիւն խորհրդանշող: Այս բանալիները սփիւռքի մէջ պահուեցան որպէս սրբազան ընտանեկան ժառանգութիւններ` խորհրդանշելով վերադարձի իրաւունքը եւ յիշողութեան պահպանումը:

Այսպէս, երբ Հայոց պատմութեան ուղիներով կ՛անցնինք, կը գիտակցինք բանալիներու խորհուրդին, որ մեզի ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդի մօտ բանալիներու ուժն ու իրաւունքը, յոյսը տունդարձի, այն յոյսը` որ մղեց զիրենք վերականգնելու եւ վերընձիւղուելու, մտածելակերպ ու հաւատք, որ փոխանցուած է սերունդներու եւ հասած է մեզի: Տակաւին, այսօր կարելի է հանդիպիլ հայրենիքի մէջ նոյն ճակատագրին անարգաբար ենթարկուած արցախցիի մը, որ կը կրէ իր դռները բաց ձգած տան բանալին որպէս խարան` անարդար աշխարհի ճակտին:

Ես ալ` հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը, իմ կեանքիս մէջ ալ բանալիներս կ՛ընկերակցին ինծի եւ կը պատմեն իմ կեանքիս պատմութիւնը: Այսօր, գիտութեան յառաջացումով, բանալիներու գործածութիւնը նուազած է մեր կեանքին մէջ, ամէն ինչ սկսած է թուայնանալ, մատներու հպումով կարելի է նոյնիսկ տան դուռը բանալ, բայց եթէ փորձուիս իմ դարակներս բանալ, ամէն մէկուն անկիւնը կը գտնես տրցակ մը բանալի, որոնք, եթէ լեզու ունենային, ինչե՜ր պիտի պատմէին եւ յիշեցնէին ինծի, նոյնիսկ փորթըքլէները ունին իրենց պատմութիւնը:

Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ բանալիներու խորհուրդը կը թելադրէ մեզի պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ. բանալիները հայրենիքի հողը իրենց արիւնով ոռոգող նահատակներու մրմունջն է, տուն դարձի շեփորն է, որ բարձրաձայն կը պատգամէ վերընձիւղուիլ, վերապրիլ, միշտ տունդարձի ջահը անմար պահել, ոչ զոհի, այլ իրաւատիրոջ մղումով առաջ ընթանալ, պատկանելիութեան զգացումը եւ պահանջատիրութեան հուրը սնուցանելով ազգային արժանապատուութեամբ, միշտ պահելով երկաթէ բանալիները մեր ձեռքերուն մէջ եւ զայն փոխանցելով նոր սերունդին:

 

 

Leave a Comment