Թուրքիոյ կողմէ ժամանակին Ռուսիայէն ձեռք բերուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կրնան վաճառուիլ Արաբական ծոցի երկիրներէն մէկուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական իշխանամէտ «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:
«Իմ տրամադրութեանս տակ եղած տուեալներով` «Էս-400»-ները կրնան վաճառուիլ երրորդ երկրի: Գործարքի մասին պիտի յայտարարուի այսօր: Էս-400»-ները կ՛ուղարկուին Պարսից ծոցի երկիրներէն մէկուն: Երէկ որոշ խնդիրներու վերացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուէին, կը հաղորդուի, որ կէս գիշերին անոնք վերացուած են: Ոմանք կը նշեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ոմանք` Քաթարը, լաւագոյնը պաշտօնական յայտարարութեան սպասելն է», գրած է հրատարակութեան մեկնաբան Ապտիւլքատիր Սելվին:
Թուրքիան 2017 թուականին Ռուսիայէն ձեռք բերած էր 2,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան չորս համակարգեր, անկէ ետք Անգարան հեռացուած էր ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ստեղծման ամերիկեան ծրագիրէն:
Քրեմլին յայտարարեց, թէ Անգարայի կողմէ «Էս-400»-ները երրորդ երկրի մը ծախելու կարելիութեան շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա հաղորդակցութիւն գոյութիւն ունի` նշելով, որ այդ վաճառքը Մոսկուայի հաւանութեան կը կարօտի:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պատասխանելով ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հարցումին յայտնեց. «Այս առումով հաղորդակցութիւններ ունեցանք թրքական կողմին հետ եւ պիտի շարունակենք թրքական կողմին հետ մեր հաղորդակցութիւնները»: